
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, Հայաստանի վերանկախացման 20 ամեակը նշուած է Քոնկրեսի շէնքին մէջ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկով մը՝ մասնակցութեամբ 18 քոնկրեսականներու, Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմին եւ Հայաստանի բարեկամներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի պատմական սրահին մէջ սոյն ձեռնարկին կայացումը, որ առիթ եղաւ նշելու Հայաստանի համար

պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող այս պահը: Նշեալ սրահը ականատես եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան տարբեր բանաձեւներու քննարկումներուն, եւ հոն էր, որ անցեալ Յուլիսին վաւերացուցեաւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան կալուածներու վերադարձը պահանջող յաւելուածը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումին կողմէ. անոր բացումը կատարեցին համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտ Ռոյս:
Այս առիթով, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանը շնորհեց քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆին եւ Հաուըրտ Պըրմընին, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւներու քննարկումներուն եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները զարգացնելու աշխատանքներուն մէջ:
Երկու քոնկրեսականներն ալ յայտարարեցին, թէ իրենց համար մեծ պատիւ է ստանալ այս շքանշանը եւ խոստացան շարունակել հայանպաստ իրենց աշխատանքը:

Ելոյթ ունեցող քոնկրեսականներէն մէկն էր Պրետ Շըրմըն, որ օրակարգի բերաւ նաեւ æաւախքի հայութեան տարրական իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դարձեալ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով կարգ մը քայլերու դիմեն՝ պնդելով, թէ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը տարեկան միայն 189 միլիոն տոլարի կը հասնի, սակայն զայն կարելի է 1 միլիառ տոլարի հասցնել՝ առեւտուրի աւելի նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումով:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց եւ լուսանկարներու համար, այցելել www.facebook.com/ancagrassroots կայքէջը: