ԱՆԳԱՐԱ.- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու ժամանակ՝ իբրեւ լրացուցիչ տեղեկութիւն ներկայացուցած է Վան քաղաքի պատմութիւնը:
Վանի մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելու ընթացքին՝ «Ռոյթըրզ» անդրադարձած է նաեւ թուրքերու կողմէ հայերու դէմ իրականացուած կոտորածներուն եւ բռնագաղթին մասին:
Ինչպէս կը գրէ թրքական «Միլլիէ»չ օրաթերթը, հայերուն վերաբերեալ «Ռոյթըրզ» զեկուցագրին կոշտ հակազդեցութիւն ցոյց տուած է պաշտօնական Անգարան եւ գործակալութենէն պահանջած է վերախմբագրել Վանի երկրաշարժին մասին տեղեկութիւնը:
«Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Վան նահանգին մէջ Կիրակի տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած է 260 եւ վիրաւորուած 1300 մարդ: Երկրաշարժը յատկապէս մեծ վնասներ հասցուցած է Վան քաղաքին եւ անկէ 100 քլմ. դէպի հիւսիս գտնուող Արճէշ գաւառին, ուր կը թաքնուին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները: Վերջիններուս կողմէ Վանի հարաւը գտնուող Հաքքարի քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 19ին իրականացած յարձակման ժամանակ սպաննուած է 24 թուրք զինուոր», գրած է «Ռոյթըրզ»:
Այս տեղեկութենէն ետք՝ «Ռոյթըրզ» ներկայացուցած է Վան քաղաքի պատմութիւնը.
«Վանը կը գտնուի Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը՝ Իրանի եւ Վանայ լիճի միջեւ: Անիկա ունի աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւն: Այնտեղ մեծամասնութիւն կը կազմէ քիւրտ բնակչութիւնը: Այդ վայրերուն մէջ ապրող մեծ թիւով հայեր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կոտորուած եւ բռնգաղթած են: Այդ շրջանին մէջ յաճախ տեղի կունենան երկրաշարժեր: 1976ին տեղի ունեցած երկրաշարժի ժամանակ զոհուած էր 5291 մարդ, 50 հազար մարդ ալ մնացած էր անտուն»:
«Միլլիէ»չ օրաթերթը փորձած է պարզել՝ ինչու «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը նման շեշտադրումներով ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, եւ եկած է այն եզրակացութէան, որ քիւրտ բնակչութեան եւ հայերու ջարդերուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրքերու հանդէպ բացայայտ թշնամանքի դրսեւորում:
«Եթէ Վանի մէջ տեղի ունեցածը ոչ թէ երկրաշարժ, այլ քաղաքական իրադարձութիւն ըլլար, հասկնալի պիտի ըլլար «Ռոյթըրզ» խմբագիրներուն կողմէ այդ նիւթի մատուցման ձեւը: Սակայն Վանի մէջ տեղի ունեցածը բնական աղէտ է: Իսկ ի՞նչ կապ ունի այդ երկրաշարժի հետ «Ռոյթըրզ» ներկայացուցած յաւելեալ տեղեկութիւնը քիւրտ բնակչութեան եւ հայկական կոտորածներու հետ՝ «այնտեղ մեծամասնութիւն կը կազմէ քիւրտ բնակչութիւնը: Այդ վայրերուն մէջ ապրող մեծ թիւով հայեր Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն կոտորուած եւ բռնագաղթած են»: Ո՞րն է Վանի բանկչութեան ցեղական ծագումը շեշտադրելու, պատմութեան խնդրայարոյց էջերուն անդրադարձ կատարելու տրամաբանութիւնը: Միթէ՞ յաւելեալ տեղեկութեան տրամադրումը: Ո՛չ: Այս ամէնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրքերու դէմ ուղղուած թշնամանք: Կարծես այդ տեղեկութիւնը հաղորդած է ոչ թէ «Ռոյթըրզ», այլ «Երեւան» լրատուական գործակալութիւնը», կը գրէ «Միլլիյէ»չ՝ աւելցնելով. «Սակայն «Ռոյթըրզ» թրքական կողմի հակազդեցութեան իբրեւ արդիւնք հանած է վերոնշեալ նախադասութիւնը եւ նիւթը վերաթողարկուած է»: