ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Միլարտ Ֆուլըրի յիշատակի կառոյց-2011» ծրագիրով, Հայաստանի «Ֆուլըր» տնաշինական կեդրոնը պիտի աջակցի Լոռիի եւ Արմաւիրի մարզէն երեք հայ ընտանիքներու համար տուներ կառուցելու գոործին:
Նշենք, որ այս տարի «Ֆուլըր» կեդրոնի գործընկերները նպատակ ունին աջակցիլ եւս 100 ընտանիքներու՝ անոնց կառուցելով պարզ եւ յարմարաւէտ տուներ:
Միլարտ Ֆուլըր առաջին անգամ Հայաստան եկած է 1989ին՝ 1988ի աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, ապա նաեւ՝ 2003ին, մասնակցելու համար իր ծրագիրով կարիքաւոր ընտանիքի մը համար կառուցուած տան տնօրհնէքին։
Այս տարուան երեք ընտանիքներէն Կէօզալեաններուն տունը կառուցուած է Հայ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ տեղական համայնքի աջակցութեամբ: Միւս երկու՝ Ղազարեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներու տուներու կառուցման աջակցած են ԱՄՆէն կամաւորական խումբեր, «Արեւ» զբօսաշրջային ընկերութիւնը եւ «Քասքատ Ինշուրընս» ընկերութիւնը. այս երկու տուներուն շինարարական աշխատանքները ամբողջութեամբ պիտի աւարտին մինչեւ Նոր Տարի: