
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Մեդիամաքս».- Հոկտեմբեր 25ին կայացած «Հոգեբանական աշխատանքի խնդիրները Զինուած ուժերուն համար իրականացուող բարեփոխումներու համաթեքսթին մէջ» համաժողովին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան յայտարարած է, թէ տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ ու լարուած, եւ թէ մօտ ապագային, անիկա տկարանալու միտումներ չունի:
Նախարարը նշած է, թէ Ատրպէյճան հանդէս կու գայ իբրեւ լարուածութեան աղբիւր եւ անոր ռազմաքաղաքական վերնախաւը չի դադրիր ռազմատենչ յայտարարութիւններ հնչեցնելէ ու սահմանը լարուածութեան մէջ պահելէ։
«Մեր բանակը առայժմ ոչ ոքի չի զիջում տարածաշրջանի ամենամարտունակը կոչուելու պատիւը, եւ որքա՛ն էլ Ատրպէյճանը զինի իր բանակը ժամանակակից տեխնիկայով եւ սպառազինութիւններով, նրան չի յաջողուի վախեցնել մեր ժողովրդին: Մէկ անգամ մենք արդէն ապացուցել ենք, որ թուաքանակի գերազանցութիւնը եւ տեխնիկական սարքաւորումն որոշիչ դեր չեն խաղում պատերազմի ելքի համար», ընդգծած է Մովսէս Յակոբեան: