
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ Վանի երկրաշարժը կրնայ «բան մը փոխել» Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու գնացքին մէջ։
Կիրակոսեան դիտել տու-աւ, որ ներկայիս ամէն մարդ Թուրքիայէն կ՛ակնկալէ յաջորդ քայլը, որովհետեւ հայկական կողմը ընելիք բան չունի եւ արդէն իսկ ըրած է այն, ինչ կարելի էր ընել։ Կիրակոսեան նշանակալից գտաւ նաեւ այն փաստը, թէ Պոլսոյ մէջ յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք Հայ-թրքական յարաբերութեանց նուիրուած համագումարը կը կազմակերպուի Վանի երկրաշարժէն ու Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումէն անմիջապէս ետք։
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ ան ըսաւ, որ կարեւոր կը գտնէ նաեւ այն իրողութիւնը, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան երկրաշարժէն անմիջապէս ետք հեռաձայնով կապուած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին հետ ու օժանդակութիւն առաջարկած:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ, «Երկիր Մեդիա»ի Մոսկուայի թղթակիցին խնդրանքով, անդրադարձած է վերջերս Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու՝ Կիւլին հեռաձայնելու քայլին:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած էր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ։ Հարցումը այն էր, թէ կարելի՞ է Մետվետեւի այս քայլը գնահատել իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ միջնորդի դեր խաղալու փորձ։ Լուքաշեւիչ ըսած է, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ նախագահներ Սարգսեան եւ Մետվետեւ ցաւակցութիւն յայտնած են պատահած երկրաշարժին առնչութեամբ եւ այդ դժուար պահուն իրենց աջակցութիւնը յայտնած թուրք ժողովուրդին։ «Ես չէի ուզեր ասիկա տեղափոխել հայերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միջնորդութեան հարթութիւն։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ, ձեզի կրնայ տալ նախագահի մամլոյ բաժանմունքը», աւելցուցած է Լուքաշեւիչ։