
– Լիպիոյ նոր իշխանութիւնները կը հաղորդեն, որ սպաննուած լիպիացի մենատէր Մուամմար Քազաֆի աշխարհի ամենահարուստ մարդն էր՝ անոր տրամադրութեան տակ եղած 200 միլիառ տոլարով, որուն մէկ մասը պահ դրուած էր դրամատնային շարք մը հաշիւներու մէջ, իսկ մնացեալով ան հսկայ ներդրումներ կատարած էր աշխարհի տարածքին:
– Քորանը հրկիզելու քարոզչական իր արարքով ծանօթ ամերիկացի պատուելի Թերի Ճոնզ, որոշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել։ Ան կ՛առաջարկէ պետական ծախսերը կրճատել, տուրքերը նուազեցնել, ապօրինի գաղթականները արտաքսել, ինչպէս նաեւ ամերիկացի բոլոր զինուորները տուն վերադարձնել, առանց յստակ ծրագիր մը ներկայացնելու: Յիշեցնենք, որ Քորանը այրերու անոր արարքը Աֆղանիստանի մէջ պատճառեց խռովութիւններ, որոնց հետեւանքով, աւելի քան հարիւր զոհ արձանագրուեցաւ, ներառեալ՝ ՄԱԿի 10 աշխատակիցներ։