ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, թէ Ուաշինկթըն Իրանի մէջ «համացանցային դեսպանատուն» պիտի բանայ։
«Հակառակ այն իրողութեան, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, մենք կ՛ուզենք Իրանի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել։ Այդ նպատակով ալ, մինչեւ տարեվերջ «համացանցային դեսպանատուն» մը պիտի հաստատենք», ըսած է Քլինթըն, ընդգծելով, որ «համացանցային դեսպանատան» միջոցով, իրենք ուսման կամ զբօսաշրջութեան համար Միացեալ Նահանգներ մեկնելու հարցով պիտի օգնեն իրանցիներուն։ «Մենք կը փորձենք Իրանի ժողովուրդին ձեռք երկարել։ Փորձեցինք Իրանի իշխանութիւններուն ձեռք երկարել, սակայն ոչինչ պատահեցաւ», ըսած է Քլինթըն։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ 1979էն ի վեր Իրանի մէջ դեսպանատուն չունի։