ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական պետական պատկերասփիւռի առաջին կայանը կը հաղորդէ, թէ հրապարակուելէ ետք Թունուզի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքը, որուն հիման վրայ իսլամական Վերածնունդ կուսակցութիւնը յաղթական ճանչցուեցաւ, երկրի կեդրոնական հատուածին մէջ բողոքի ալիք մը բարձրացած է։
Ցուցարարներ քարկոծած ու թալանած են յաղթանակ արձանագրած կուսակցութեան կեդրոնները: Նաեւ ոստիկաններու հետ բախում տեղի ունեցած է Սիտի Զիտ քաղաքին մէջ։
Ցուցարարները կը բողոքեն «Ազգային ցուցակ» կուսակցութեան ցուցակները չեղեալ յայտարարելու իրողութեան դէմ, որուն պատճառով, կուսակցութիւնը չկրցաւ երկիրի Ազգային հիմնադիր խորհուրդին մէջ աթոռ ունենալ։