ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստանի պատմական հսկայ պատը, զայն շրջապատող հանքերու արդիւնահանման տասնեակներով օրինական եւ ապօրինի ծրագիրներու պատճառով, վտանգուած է։ Պատին պաշտպան ընկերակցութիւն մը վերջերս այս առնչութեամբ բողոքի ալիք բարձրացուցած է։ Պատին երկայնքը 6400 քիլօմեթր է ու 11 նահանգներէ կ՛անցնի։ Ամէն տարի միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պատը կ՛այցելեն, սակայն զբօսաշրջային երթուղիներէն հեռու գտնուող շրջաններուն մէջ է, որ դարեր շարունակ կանգուն մնացած պատը վտանգուած է: Մետաղի որոշ հանքեր կը գտնուին պատէն շուրջ հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, սակայն որովհետեւ հանքերուն մեծ մասը օրինական է, պատի պաշտպանութեամբ հանդէս եկող գործիչները ոչինչ կրնան ընել։ Նշենք, որ Չինաստանի պատին մեծ մասը քանդուած է եւ միայն 20 առ հարիւրն է, որ կը գտնուի լաւ վիճակի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.