ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Տէյլի Էքսփրես» օրաթերթին հրապարակած մէկ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ Բրիտանիոյ կառավարութեան աւագ գործընկեր՝ Պահպանողական կուսակցութեան ընտրազանգուածին աւելի քան երկու երրորդը կ՛ուզէ իր երկիրը դուրս բերել Եւրոպական Միութենէն։
Հարցախոյզը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ բրիտանացի քուէարկողներուն 62 առ հարիւրը կը կարծէ, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շարունակման շուրջ հանրաքուէ մը կատարելու ժամանակը հասած է՝ անդամակցութիւնը երկիրին համար վնասակար նկատելով։ Միայն 29 առ հարիւրը անդամակցութիւնը դրական կը նկատէ։