ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28ի թիւին մէջ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը սուրիական բանակէն դասալիք եղած եւ իրենք զիրենք «Սուրիական ազատ բանակ» կոչողները առած է իր պաշտպանութեան ներքեւ, եւ անոնց կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթակայաններէն յարձակումներ գործել Սուրիոյ վրայ։
Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական բանակի նախկին գնդապետ Ռիատ Աստատի հրամանատարութեան տակ գտնուող եւ 60-70 զինեալներէ բաղկացած խմբակը ստանձնած է Չորեքշաբթի օր սուրիացի 9 զինուորներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն թուրք պաշտօնատարներ կը պնդեն, թէ այդ խմբակին հետ իրենց կապը «բացարձակապէս մարդասիրական» է։
Օրաթերթը նաեւ հարցազրոյց մը ունեցած է վերոնշեալ գնդապետին հետ, որ հարցազրոյցին ներկայացած է 10 թուրք զինուորներու ընկերակցութեամբ։ Գնդապետը նշած է, որ սուրիական բանակէն հեռացած զինուորներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի։