ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Ազգային արհեստից քոլեճի շրջանաւարտներուն կողմէ իւրայատուկ նկատուած եւ անոնց լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակով անմահացած անձեր, պահեր, բնութեան տարբեր դրսեւորումներ, մարդկային դէմքի արտայայտութիւններ, դռներ եւ այլ ուշագրաւ պատկերներ, Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան համախմբուած էին «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ՝ իրենց հեղինակներուն ընկերակցութեամբ:
Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հովանաւորութիւնն ու Լիբանանի Մամլոյ լուսանկարիչներու համադաշնակցութեան նախագահութիւնը վայելող լուսանկարչական սոյն ցուցահանդէսով, Ազգային արհեստից քոլեճի լուսանկարչական բաժինի շրջանաւարտներ ներկայացան հանրութեան՝ իւրաքանչիւրը շուրջ 5 լուսանկարներով, որոնց մէջ կ՛արտացոլար ամէն մէկ շրջանաւարտի դիտանկիւնն ու մօտեցումը կեանքի տարբեր երեւոյթներուն նկատմամբ:
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումէն ետք խօսք առաւ Ազգային արհեստից քոլեճի տնօրէն Մակի Խաչերեան, որ անդրադարձաւ քոլեճին մէջ տրուող դասընթացքներուն նպատակին, որն է՝ առիթ տալ հայ ծնողներուն եւ շրջապատին ուսում ստանալու, բարելաւելու իրենց նիւթական եւ մտաւորական վիճակը:
Ան նշեց, որ նման ցուցահանդէսներու կայացումը մնայուն պիտի ըլլայ եւ յառաջիկայ տարիներուն այդ ցուցահանդէսները պիտի նուիրուին աշխատանքի ճամբուն վրայ զոհուած մամլոյ լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանի յիշատակին:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Մամլոյ լուսանկարիչներու համադաշնակցութեան նախագահ Քարիմ Հաժ, որ շնորհաւորեց լուսանկարներուն հեղինակները, գնահատեց անոնց աշխատանքն ու տարուած ջանքերուն արդիւնքը՝ զանոնք նկատելով բաւական լաւ:
Աւարտին, իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ցուցահանդէսը նկատեց իւրայատուկ լուսանկար մը, որուն մէջ հայկական կեանքի ուրոյն պատկեր մը կը նկարուի: