ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ճիշդ է, որ գրողի ծաղկուն երեւակայութեանս արդիւնք է խորագիրս, բայց եւ այնպէս անիկա երբեք հեռու չէ իրականութիւնը պատկերելէ։ Բուն ըսելիքս սակայն գրողի երեւակայութեանս թափ տալով պիտի չձեւաւորեմ, այլ՝ տիրող համատարած փտախտին եւ յուսալքութեան տխուր «ֆոն»ին հակադրուող իրողութեան մը, որպէս յուսատու պայծառ խոստում եւ աստանդական հայու մեր սիրտերը ջերմացնող փայլուն ապագայի մը հաւաստիք։
Արդարեւ, ընկեր Պետօն, աւազանի անունով՝ Փետրօ Ծառուկեան, իմ մանչերուս 36ամեայ իրանահայ բարեկամն է ու միսով-ոսկորով, հայրենասէրի տաք սիրտով կերպար մը, որ երեք-չորս տարի առաջ, խումբ մը գործնապաշտ ընկերներով Լոս Անճելըսէն դարաւոր մեր հայրենիքը հաստատուեցան, հոն ալ ամուսնանալու եւ հարազատ հողին վերընձուղուելու համար։ Անոնց շարքին էր նաեւ միջնեկ որդիս:
Օր մը, այս վերջինս մօտեցաւ ինծի եւ շատ դիւթիչ առաջարկութիւն մը կատարեց. «Պա՛պ, կուզե՞ս մեզի ընկերանալ՝ Թուրքիոյ սահմանին անմիջական մօտակայքը գտնուող Փետրոյին այգիները այցելելու», հարց տուաւ ան գործնական մարդու անկաշկանդ շեշտով։ Բնութեամբ արկածախնդիր ո՞ր օրերու սփիւռքահայն էի, որ բաց թողնէի այդպիսի հրաւէր մը, զոր յարմարագոյն առիթը կը նկատէի հայրենադարձ մեր տղոց ներաշխարհը պեղելու, անոնց յոյզերուն ու ապագայի յոյսերուն խորքը ներթափանցելու։
– Այո՛,- ըսի առանց կշռադատելու առնելիք քայլս։ Շաբաթէ մը ի վեր Երեւան կը գտնուէինք։ Խորհրդաժողո՛վ, գրական շրջանա՛կ, ազգ ու բարեկամութի՛ւն։ Ասոնց վրայ աւելցուցէք ժամերու «զօն»ային տարբերութենէն ծանրացած կոպեր:
Յաջորդ առաւօտ, պատանիի աշխուժութեամբ կանուխէն ոտքի էի՝ մոռնալով այն իրողութիւնը, որ պաշտօնական Երեւանը առաւօտեան ժամը 10-11էն առաջ չէր զարթնուր… ու փողոցները չէր լեցներ իրենց գլանիկներու ծուխով ու բջիջայինի կանչերով:
Պարսկահայ Ծառուկեան Փետրօն, Հիւսիսային Պողոտայի իր նոր յարկաբաժինէն իջնելով՝ մեզի ընդառաջ կու գար, քիչ ետք շէնքին ընդարձակ կանգառը կ՛իջնենք մագլցելու անոր «Թոյոթա Թանտրա»ն ու քիչ ետք Երեւանէն դուրս կու գանք՝ միւս Ծառուկեանի քոնիաքի հսկայածաւալ գործատան առջեւէն սուրալով։ Ժամ ու կէս տեւող ճանապարհը կ՛անցնինք առանց յոգնութիւն զգալու՝ հայրենի բնանկարով հմայուած։ Վերացնող բնութիւն մը, զոր տանտէրի բաւարարութեամբ կը դիտենք։ Չենք ալ զգար տարածութեան ու ժամանակի թաւալումը։ Մեքենային մէջ գրեթէ լուռ նստած՝ երիտասարդ սակաւախօս ընկերակիցներուս մօտ ուռուցիկ հայրենասիրութեան ո՛չ մէկ աժանագին արտայայտութիւն։ Հայաստան աշխարհի վաղուան հպարտ քաղաքացիները պիտի դառնան անոնք, իրապաշտ ու գործնական:
Ընկերակից զոյգ հերոսները իրարմէ քանի մը ամիսներու տարբերութեամբ իրենց բախտը կապեցին ազնուատոհմ հայուհիներու։ Նստած տեղս լուռ կը խորհրդածեմ, թէ երիտասարդ այս սերունդին մօտ ինչպիսի՞ բնական երեւոյթ է գործնական հայրենասիրութիւնը, որուն վսեմագոյն արտայայտութեան դէմ առ դէմ կը գտնեմ ինքզինքս այդ րոպէին։
Ընկեր Պետօ կամ հողատէր Փետրօ սրնթաց կը վարէ մեքենան դէպի թրքական սահմանը՝ թափ տալով խոկումներուս։ Այո, անիկա կը սուրայ դէպի սահման՝ շատ բնական գտնելով հոն տարածուող քարաստանը մրգաստանի վերածելու իր խիզախումը, մինչ անդին, երկրին մեծափարթամ օլիկարխներն ու փորը կախ պաշտօնէութիւնը, յաճախ իրենց ապօրինի միջոցներով թիզած դրամագլուխը օտար երկիրներ հանելու մտահոգութեամբ կը շարժին՝ իր բախտին լքելով հայրենի քարաստան-մրգաստանը ու սահմանամերձ վտանգաւոր շրջանի ընչազուրկ հայ գիւղացիութիւնը, զանոնք զրկելով աշխատանքէ ու արժանաւոր կեանք ըղձալու յոյսէն ու հնաւորութենէն, իր հայ բնակչութենէն պարպելով ռազմավարական խիստ կարեւորութիւն ներկայացնող յենակէտները։
Կարծես նախզգալով գալիքը՝ «Փտախտ» վէպիս մէջ տեղ մը հերոսիս բերանով կը կատարեմ հետեւեալ ցաւալի հաստատումը, որ այնքա՛ն հարազատօրէն կը պատշաճի Հայաստանի ներկայ իրողութեան.
«Մեծահարուստին սիրտն ու հայրենիքը իր դրամագլուխն է»:
Սակայն՝ ի պատիւ սփիւռքահայ երիտասարդ գործարարներու, թէեւ մէկ կողմէն հայրենասիրական-մարդասիրական գործ կը կատարեն անոնք, սակայն եւ այնպէս, ծայր աստիճան գործնական կը մնան ու կը փորձեն զգացականօրէն չմօտենալ իրենց ներդրումներուն, այլ մօտենալ զուտ գործարարի առողջ ընկալումով, որպէսզի յանկարծ թեւերը չայրեն…
Հայրենի բնանկարը կը շարունակէ տեսողական ու զգացական համակարգային մեր դրոյթէն անցնելով՝ բախիլ իրենց բախտին լքուած ու սովետի օրերէն մնացած գործարաններու կմախկ դարձած ներկայութեան։ Մեր հիւրընկալը, նպարատունէ մը գեղջկական բացօթեայ ճաշի համար պէտք եղած գնումները կը կատարէ ու անոր «Թոյոթա»ն կը սկսի մագլցելու բլուրի գագաթն ի վեր, ու կը թեքի ճանապարհէն հարիւր մեթր ներս թառած քարքարոտ իր հողատարածքը, զորս գերմարդու համբերութեամբ ու ճգնանքով դալարագեղ պուրակի ու մրգաստանի կը վերածէ պողպատեայ աննկուն կամքով զրահուած երիտասարդ սփիւռքահայը։
Արձակուած զսպանակի ու չարաճճի մանուկներու նման կը վազվզենք Փետրոյի հարթացուցած հսկայ հողատարածքին վրայ եւ հպարտ հողատիրոջ առաջնորդութեամբ ու ծիսական ջերմեռանդութեամբ կը հետեւինք անոր քայլերուն՝ մեր սեւեռումներուն առարկան դարձնելով հողատիրոջ աճեցուցած ընկուզենիներն ու խնձորենիները, լաւագոյն վաղուան յոյսերը։ Սեւ ակնոցներուս ետին կը փորձեմ թաքցնել ու երիտասարդ ընկերակիցներուս ուշադրութենէն քօղարկել աչքերուս մէջ լճացող արցունքի կաթիլները՝ ի տես Փետրոյի գուրգուրոտ ձեռքերով աճեցուած եւ հայրենի հողին կարօտակէզ գիրկին յանձնուած խաղողի վազերուն ու ընկուզենիներուն՝ ազազուն այդ թուփերուն մէջ տեսնելով հայրենի սահմաններու ամրացումն ու հզօրացման խոստում-գործօնը, սփիւռքահայ գաղափարապաշտ երիտասարդութեան տեղաշարժը դէպի Հայրենիք։ Արտագաղթի ջլատող ու յոռի երեւոյթը յաղթահարելու ներգաղթով ու գործնական հայրենասիրութեան արտայայտութեամբ, լաւ չափուած ու ձեւուած ներդրումներով։
Մեր երիտասարդ ընկերը, արդէն բլրան բերանը վազող առուակին եզերքը կանգնեցուցած է ջրամուղ «փոմփ»ի արդիական սարքաւորում, որպէսզի բարձունքի վրայ նոր փորուած հսկայ ջրամբարը լեցնելով՝ նորատունկ իր այգիներն ու մրգաստանները ոռոգել ու անոնց պապակը յագեցնել կարենայ։
Սակայն անկախ տիրող երիտասարդական խանդավառութենէն ու շաբթուան հինգ օրերու վրայ երկարող դէպի սհաման անոր խիզախումներէն, վերջերս պատահած ցաւալի դէպք մը մեր հերոսին սիրտը խոցած է. այդ դէպքին որպէս լուռ արտայայտութիւն՝ մեքենային գրպանէն ծանուցում-ֆլայըր մը կը հանէ ու ինծի կ՛երկարէ։ Լուսանկարէն երիտասարդ խոշոր գամբր մը իր թախծոտ նայուածքը կը սեւեռէ վրաս։ Ամիս մը առաջ, չար ոգիներ գողցած էին մեր բարեկամին՝ զաւակի պէս սիրած ու գուրգուրած գամբրը։ Անոնք, որոնք կենդանասէր են, գիտեն խեղճ տղուն զգացած ցաւին ահաւորութիւնը։ Փետրօ դրամական նուէր կը խոստանայ կենդանին ողջ-առողջ վերադարձնողին։
– Տղա՛ք, մի քիչ կուլտուրա՛։ Ձեզի երկարող սփիւռքահայուն ձեռքերը մի՛ կտրէք…
Ուրախ նօթով կ՛ուզեմ վերջացնել հայրենի տպաւորութիւներուս առաջին այս հատուածը։ Սահմանէն վերադարձի ճամբուն վրայ, Փետրօն մեզ Էտուարտօ Էռնէկեանի զարգացուցած նոր ցանքերուն մօտէն անցուց, ինչպէս խոստացած էր ճամբայ չինկած:
Արժանթինահայ յայտնի գործարարը, որ ըստ հայրենի մտաւորական բարեկամի մը, իր դրամին հետ սիրտն ու հոգին կը դնէ իր ներդրումները յաջողցնելու եւ համատարած օրհնութեան վերածելու համար։
Արդարեւ տեսլապաշտ հայ գործարարը, 4000 հեքթար քարքարոտ անջրդի լերկ հողատարածքը, Հայաստանի իրականութեան մէջ այգեգործութեան մեծագոյն ձեռնարկութեան կը վերածէ՝ արդիական իր հարթիչներով՝ «պիւլտոզըր»ներով, բառացիօրէն «լեռները շարժելով»։ Արդիական գործիքներու կողքին, 300 հողագործներ օրն ի բուն կ՛աշխատին մեծածաւալ ծրագիրին վրայ, եւ արդէն այցելուի աչքերուն կը պարզուի հորիզոնի մէջ կորսուող այգիներուն կանաչը։
Փետրոյի խոստովանութեամբ, ինք երբ իր համեմատաբար համեստ՝ հարիւր հեքթարնոց ծրագիրին կը ձեռնարկէր, Էռնէկեանի «մօտել» նմոյշը ունէր աչքին առջեւ, եւ արժանթինահայ գործարարէն ներշնչուելով՝ խիզախած էր սահմանամերձ շրջան։
Երանի թէ զբօսաշրջային ընկերութիւնները թրքական սահմանը հատող Արաքս գետը եւ հոն թառած Երուանդաշատ գիւղի շրջանի արբեցնող գեղեցկութիւնը նկատի ունենան ապագային։ Յատկապէս, Էռնէկեանի այգիները ներշնչման անսպառ աղբիւր կրնան դառնալ, ինչպէ՛ս օտար հիւրերուն, նոյնպէս ալ հայաստանցի դրամատէրերուն, որոնք իր բախտին կը թողուն մայրենի հողը եւ օտար հորիզոններ կ՛ուղղեն իրենց հայեացքը։