
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրին ջանքերով, համալսարանին հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է արդի հայկական բանաստեղծութեան նուիրուած հատոր մը՝ անգլիախօս ընթերցողներու համար:
«Armenian Poetry of Our Time» հատորին թարգմանական աշխատանքը կատարած է ամերիկահայ անուանի բանաստեղծ եւ հմուտ թարգմանիչ Տայանա Տէր Յովհաննէսեան:
305 էջնոց ժողովածոն ունի նաեւ ծաւալուն յառաջաբան եւ կենսագրական համառօտ ծանօթագրութիւններ:
Բանաստեղծական եւ թարգմանական քսանհինգ գիրքերու հեղինակ Տէր Յովհաննէսեան, որ տարիներ շարունակ թարգմանաբար կը ներկայացնէ հայաստանաբնակ եւ Սփիւռքէն բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ եւ այս հատորին մէջ տեղ տուած է 117 բանաստեղծներու:
Բանաստեղծական սոյն հատորը երրորդն է համալսարանի հրատարակչատան կողմէ հրատարակուող հայկական գիրքերու շարքին: Հրատարակութիւնները կը կատարուին համալսարանի հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի տնօրինութեամբ:
Հատորէն օրինակներ ապահովելու համար, դիմել (559) 278-3056 թիւին: