ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայ ուսանողական միութիւնը արդէն իսկ նոր վարչութիւն մը ընտրելով՝ գործի անցած է, բեղուն տարեշրջան մը բոլորելու նպատակով:
Վարչութիւնը լաւատես է այն իրողութեամբ, որ ուսանողական միութեան անդամներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ եւ նոր անդամները իրենց հետ կը բերեն նոր գաղափարներ՝ հետաքրքրական նախաձեռնութեանց դիմելու նոր կարելիութիւններ ստեղծելով վարչութեան համար:
Հոկտեմբեր 1ին արդէն իսկ իրականացած է 2011-2012 տարեշրջանի ընկերային առաջին ձեռնարկը, որ նաեւ հին ու նոր ուսանողները իրարու ծանօթացնելու առիթ մը հանդիսացած է:
Նաեւ, Հոկտեմբեր 15ին, Հայ ուսանողական միութիւնը մասնակցած է Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնադրամի Ֆրեզնոյի քայլարշաւին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր քաղաքին համար:
Հայ ուսանողական միութեան նոր վարչութեան անդամներն են՝ Վարդուշ Մեսրոպեան (ատենապետ), Ռուզան Օրքուշեան (փոխատենապետ), Մարինէ Վարդանեան (քարտուղար), Էնտրու Էսկուերա (գանձապահ) եւ Նօէլ Լենըրտ (հանրային յարաբերութիւններ):