
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Պետրոս Գարաճըրճեան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2ի յետմիջօրէին այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ատենապետին կ՛ընկերանար եղբայրը՝ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեան, որ նմանապէս մեծ վաստակ ունի մեր ազգային կեանքին ու յատկապէս կաթողիկոսութեան ծառայական ասպարէզներուն մէջ։ Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ Ճորճ Չորպաճեան։
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու եւ տեղեկութիւններ փոխանակելու թեմի ու կաթողիկոսութեան գործակցական դաշտերուն մասին։ Մասնաւորաբար վեր առնուեցաւ մեր թեմին շնորհուած Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը եւ անով յատկանշուած հանգրուանը։ Տոքթ. Պ. Գարաճըրճեան գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ իրագործումներուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց առաջնորդին ու Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն։
Նկատի ունենալով, որ տոքթ. Պ. Գարաճըրճեան առաջին անգամն ըլլալով կ՛այցելէր Ազգ. առաջնորդարան, առաջնորդը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց առաջնորդարանիս եկեղեցանուէր ու կրթական ծառայութեանց մասին, ապա նաեւ ծանօթացուց առաջնորդարանիս աշխատանքի մարզերն ու բաժանմունքները։ Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը խորհրդանշական յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն։