ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Նոյեմբեր 7ին լրացաւ «Օրանժ Արմէնիա» ընկերութեան՝ հայաստանեան շուկային մէջ գործունէութեան երկու տարին. ընկերութիւնը, ըստ անոր գլխաւոր տնօրէն Պրունօ Տիւթուայի, ունի 600,000 աշխոյժ բաժանոaրդ:
««Օրանժ»ը Հայաստանի բնակչութեան համար դարձաւ նոր այլընտրանք: Մեր «3G+» ցանցը կը հասմի Հայաստանի տարածքին 95 տոկոսէն աւելիին, եւ հասանելի է նոյնիսկ հեռաւոր գիւղական համայնքներուն մէջ: Մենք յեղափոխութիւն կատարեցինք նաեւ ձայնային բաժանորդներու շուկային մէջ՝ կիրառելով եւրոպական շուկային փորձը՝ ամսական բաժանորդագրութիւնները», յայտնեց Պրունօ Տիւթուա:
Անոր խօսքով, ընկերութիւնը ամսական կ՛ունենայ 1.3 միլիառ դրամի հասոյթ: Երկու տարիներու ընթացքին, անիկա Հայաստանի մէջ կատարած է 150 միլիոն եուրոյի ներդրում:
Պրունօ Տիւթուա նաեւ նշեց, որ «Օրանժ»ը ամէն ամիս կը վաճառէ 1000-1600 հեռախօս: «Վերջին տասը օրերուն, աշխուժօրէն կ՛աւելնայ «սմարթֆոն» գնողներուն թիւը: Այս տարի երկու անգամով աւելի շատ հեռախօս վաճառուած է, քան անցեալ տարի», աւելցուց ան: