
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավարի պաշտօնակատար Կարել Հոֆստրան եւ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան Նոյեմբեր 7ին ստորագրեցին «Նուպարաշէնի թունաքիմիկատների գերեզմանոցի գնահատման հետազօտութիւն» ծրագիրի իրականացման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր: Ըստ նախարարին՝ տարածքին մէջ յայտնաբերուած են 32 տեսակի թունաւոր նիւթեր, որոնք կը սպառնան միջավայրին:
«Տեղանքից այլ արտանետումների վտանգը շատ մեծ է, քանի որ այն գտնւում է բլրի ակտիւ սողանքային գօտում, որը շատ մօտ է բնակավայրերին ու գիւղատնտեսական գօտիներին», նշած է Երիցեան:
Ծրագիրին նպատակն է իրականացնել Նուպարաշէնի տարածքի ճարտարագիտական հետազօտում եւ գնահատում, Նուպարաշէնի գերեզմանոցի տարածքին գտնուող գիւղերուն մէջ առողջապահական վտանգի գնահատում: ԵԱՀԿի մասնագէտները պիտի աշխատին պետական պաշտօնեաներու հետ՝ հետազօտութեան միջոցներու մշակման հետ կապուած անոնց կարողութիւնները հզօրացնելու համար: Հետազօտութեանց արդիւնքները պիտի ներկայացուին հաւանական նուիրատուներու՝ Նուպարաշէնի տարածքը վնասազերծելու ու բացայայտուած առողջապահական վտանգները լուծելու նպատակով գումար հաւաքելու համար:
Ըստ նախարարին՝ ծրագիրը պէտք է իրականացուի 18 ամսուան ընթացքին:
Հոֆստրանի խօսքով՝ «պէտք է ներգրաւել հասարակական կազմակերպութիւններն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը, քանի որ անոնք կը մատնանշեն առկայ բացթողումներն ու սխալները», ըսաւ ան: