
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի կազմութեան գործընթացը ճշդող խորհրդակցութիւն մը: Յիշեալ հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ երեք յարանուանութեանց, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի, Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան ներկայացուցիչները:
Վեհափառ հայրապետը յետադարձ ակնարկով մը պարզեց Օգոստոսին Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ու արեւմտահայերէնին նուիրուած համագումարին ընդհանուր արդիւնքները՝ յատկապէս շեշտելով արեւմտահայերէնին դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, թէ փաստօրէն արեւմտահայերէնը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապ, որուն դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ: Սակայն չի բաւեր, ըսաւ ան, տագնապը նկարագրել, այլ անհրաժեշտ է որ գործնական քայլերու դիմել, եւ ճիշդ այս պատասխանատուութենէն մեկնելով՝ անհրաժեշտ է արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ազդու միջոցներու մասին մտածել՝ յատուկ գործընթացներու ճամբով, ըսաւ վեհափառը: Ան նաեւ շեշտեց, որ նման աշխատանք մը պէտք է համահայկական ու համասփիւռքեան տարողութեամբ կատարուի, եւ ճիշդ ատոր համար, ըսաւ ան, համագումարէն ետք յատուկ հրաւէրներ յղուած են հայ յարարնուանութիւններու պետերուն, ինչպէս նաեւ կրթական ու մշակութային առաքելութեան լծուած մեր կառոյցներուն, որպէսզի ճիգերը համախմբելով՝ «մեր ոսկեղնիկ լեզուն պաշտպանենք աղաւաղումէ ու նահանջէ»:
Վեհափառին խօսքէն ետք, բոլոր ներկաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ լայն խորհրդակցութիւն մը՝ յատկապէս կազմուելիք մարմինին կատարելիք աշխատանքներուն շուրջ:
Յայտնենք, որ խորհրդակցական այս հանդիպումին պիտի յաջորդէ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի կորիզի կազմութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակը պիտի ըլլայ յիշեալ խորհուրդի աշխատանքի ուղեցոյցին պատրաստութիւնը: