ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան նուիրուած իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ «Փետուրներ եւ լարեր» խորագիրով, մասնակցութեամբ բանաստեղծ Լոլա Գունտաքճեանի ու ուտահար Էնտրիու Գիզիրեանի:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St.):
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.