ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 9ին, ՀՀ փոխադրամիջոցներու տեսչութեան խնդիրներուն առնչութեամբ կայացած է խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին փոխադրութեան եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեան նշած է, թէ նոյնանուն տեսչութեան աշխատանքներուն մէջ կը նկատուին գողութեան դէպքեր. այս առթիւ, ան տեսչութեան պետին ու նախարարութեան աշխատակազմին ուշադրութիւնը հրաւիրած է սաստկացնելու վերահսկողութիւնը, խստացնելու կարգապահութիւնը եւ տեսչութիւն-կայանատեղի համագործակցութիւնը:
Նմանատիպ դէպքերու պատճառով պաշտօնազրկուած են փոխադրամիջի տեսչութեան մարզային բաժանումներու երկու ղեկավարներ եւ աշխատակիցներ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին նաեւ ներկայացուած է այս տարուան ինը ամիսներուն ընթացքին տեսչութեան կողմէ իրականացած աշխատանքները, ներառեալ՝ խախտումները, որոնց թիւը զգալիօրէն աճած է:
Մանուկ Վարդանեան փոխադրամիջոցներու տեսչութեան պատասխանատուներուն մէկ ամիս ժամկէտ ճշդած է՝ Երեւանի եւ միւս մարզերուն մէջ իրավիճակը բարելաւելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.