ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակնբախ է, որ Հայաստան–Սփիւռք կամուրջներու հաստատման եւ ամրապնդման հետ, հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ լեզուամտածողութեան մերձեցման եւ գաղափարական հաղորդակցութեան լուրջ դժուարութիւն։
Երբեմն նոյնիսկ խուլերու խօսակցութեան յանգող այդ դժուարութիւնը հետեւանք է մէկ կողմէ «խորհրդահայ դարաշրջանէն» յամեցող կարծրատիպերուն, իսկ միւս կողմէ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի կտրուկ հասարակափոխութեան հետ շրջանառութեան մէջ մտած քաղաքական նորելուկ բառապաշարին։
Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կամ հայրենականի եւ սփիւռքեանի բնական՝ ընկալեալ տարբերութեանց կամ առանձնայատկութեանց չի վերաբերիր խօսքը։ Այլ՝ կը վերաբերի բառեզրերու եւ յղացքներու բովանդակային, գաղափարակա՛ն ընկալման մէջ առկայ տարբերութիւններուն եւ տարակարծութիւններուն, որոնք կը բխին քաղաքական տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան տակ կազմաւորուած ըլլալու իրողութենէն։
Իսկ հայ քաղաքական մտքի այլազան հոսանքներու կազմաւորման մէջ դերակատար են ոչ միայն միջազգային առումով քաղաքական մշակոյթներու տարբերութիւնները, այլեւ՝ ազգային մեր ընդհանրական ժառանգութեան իրերամերժ ընկալումները եւ ներհակ արժեւորումները։
Փաստօրէն միեւնոյն նշանակութեամբ ու արժէքով չեն ընկալուիր «Հայ Դատի պահանջատիրութիւն»ն ու «հայեւթուրք յարաբերութեանց կարգաւորում»ը, «ժողովրդավարութիւն»ն ու «յեղափոխութիւն»ը, «պահպանողականութիւն»ն ու «յառաջդիմականութիւն»ը, «ընկերվարութիւն»ն ու «քաղաքացիական աշխուժութիւն»ը, «հանրային կարծիք»ն ու «կուսակցական պատկանելութիւն»ը։ Երկար է շարքը ազգային եւ քաղաքացիական ինքնագիտակցութեան զարգացման առընչուող այսօրինակ եզրերուն ու յղացքներուն, որոնք իմաստային տարբեր նրբերանգներով կը գործածուին մեր այսօրուան բառապաշարին մէջ։ Երբեմն նաեւ հակադիր կողմնորոշումներու հիմք ծառայելով՝ հաղորդակցական բառամթերքի այս հակասութիւնները աւելիով կը դժուարացնեն աշխարհաքաղաքական մեր սփռուածութեան հետեւանքով առաջացած լեզուամտածողութեան հեռաւորութիւններն ու տարբերութիւնները։
Ընդհանուր այս խորապատկերով՝ յատուկ հնչեղութիւն կը ստանայ ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութեանց ընկալման եւ արժեւորման մէջ առաջացած դժուարութիւնը։
Սոսկ պատահականութիւն չէ, որ հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ արտայայտութիւններուն մէջ պարբերաբար փորձ կը կատարուի կուսակցութիւնները, իբրեւ ազգային–հասարակական արժէքի, ընդհանրապէս նսեմացնելու եւ արժեզրկելու։
Փորձ կը կատարուի նախ մեծ ու լայն ընդգրկումով աղաւաղելու կուսակցութիւն երեւոյթը՝ իբրեւ ազգն ու հասարակութիւնը գաղափարականօրէն, քաղաքականօրէն եւ հասարակական կոտորակումի իմաստով բաժան–բաժան ընող հատուածականութեան «չարիք»ի… Կը մոռցուի կամ անտեսումի կ՛ենթարկուի այն հանրայայտ ճշմարտութիւնը, որ քաղաքակրթական զարգացման եւ հասարակական յառաջդիմութեան մղում տուող օրինչափ լծակ է ինքնին կուսակցութիւններու երեւոյթը։ Առանց գաղափարական հորիզոն բացող եւ մարդ էակը, իբրեւ «քաղաքական կենդանի»ի, ինքնակազմակերպման ու կարգապահութեան առաջնորդող կուսակցութեանց, ո՛չ պետական իշխանութիւնը կը ժողովրդականացուէր, ո՛չ ժողովրդավարական կարգեր կը հաստատուէին եւ ոչ ալ հասարակական յառաջդիմութիւնը հաւասարապէս բոլորին հասանելի դարձնելու քաղաքակրթական մեծագոյն ոստումը հնարաւոր պիտի ըլլար։
Աւելի ծանրակշիռ է ու մտահոգիչ հայ մարդոց հաւաքական յիշողութեան մէջ ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութեանց տեղն ու արժէքը աղաւաղելու եւ վարկազրկելու ճիգը, որ կը դրսեւորուի թէ՛ ուղղակիօրէն՝ հակակուսակցական տրամադրութիւններ սերմանելու ճամբով, թէ՛ անուղղակիօրէն՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անցեալին մէջ «թաղել» փորձելով այլապէս ու փաստօրէն մինչեւ մեր օրերը հայ քաղաքական մտքին վերանորոգման աւիշ տուող նոյն այդ կուսակցութիւնները։
Անշուշտ միայն մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ չէ հակակուսակցականութեան արատը։ Իր ժամանակակից դրսեւորումներով կու գայ 19րդ դարէն, իսկ իր հնաւանդ արմատներով կ՛երկարի դէպի աւելի խորերը հայոց պատմութեան։ Բայց յատկապէս խորհրդային լուծի տակ Հայաստանի եւ հայութեան ապրած 70ամեայ ժամանակաշրջանին մոլեգնեցաւ հակակուսակցականութեան այդ արատը, որովհետեւ նոյնինքն Պոլշեւիզմը, դառն ու հեգնական բառախաղով մը, իր յաղթանակին հետ աւարտած կ՛ուզէր տեսնել… կուսակցութեանց դարաշրջանը։
Ի՜նչ խօսք, որ Պոլշեւիզմը ինք չկայ այսօր, իսկ կուսակցութիւնները աւելի քան երբեք աշխոյժ են աշխարհի ողջ տարածքին։
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ ու մանաւանդ հայրենի իրականութեան պարագային, ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութիւնները ոչ միայն ներկայ են ու կենսունակ, այլեւ հիմնական ներգործութիւն ունին՝ վաղուան մեր Օրը միասնաբար կերտելու հաւաքական կամքն ու կազմակերպ ուժը վերանորոգելու զօրաշարժին մէջ։
Այս իմաստով ալ հայ քաղաքական միտքը ներքնապէս խոցելու կը ծառայեն ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութիւնները իբրեւ «դասական» կամ «աւանդական» կուսակցութիւններ վարկազրկելու պարբերական ճիգերը, որոնց ականջալուր կը դառնանք նաեւ մեր օրերուն։
Կար ժամանակ, նոյնիսկ խորհրդային ամբողջատիրութեան վերջալոյսին, երբ Կոմկուսի հայ քարտուղարները եւ անոնց պատմաբան ձեռնասունները պարբերաբար պարտաւորութեան տակ կը դրուէին հակակուսակցական արշաւի ձեռնարկելու՝ իբրեւ «դասական» ու «աւանդական» կուսակցութիւններու մահավճիռ կարդալու համար ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութիւններուն։
Նոյնանման զուր փորձեր են հակակուսակցականութեան մերօրեայ պարբերական դրսեւորումները։ «Դասական» կամ «աւանդական» անուանելով ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները, հակակուսակցական մերօրեայ արշաւին նորագիրները նաեւ կը կրկնեն խորհրդային գաղափարախօսներու յանկերգը՝ այլեւս անցեալին պատկանող կուսակցութիւններ հռչակելով հայ ժողովուրդի քաղաքական երթը յառաջ մղող քաղաքական կազմակերպութիւնները։
Ինչպէս որ մեր ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ չարմատաւորուած պոլշեւիզմը ճարահատ մահավճիռ յայտարարեց ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութեանց հասցէին՝ «դասական» ու «աւանդական» հռչակելով զանոնք եւ անցեալին մէջ զանոնք թաղելու փորձ կատարելով, նոյնը կը փորձեն ընել մեր կեանքի վերջին քսանամեակին յառաջ եկած, բայց մեր ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ հող չգտած նորելուկ՝ կայանալու դժուարութիւն ունեցող կուսակցութիւնները։
Հեռանկար չունին էապէս հակակուսակցական մղում ունեցող այդ փորձերը, մանաւանդ որ ըստ ամենայնի դասականն ու աւանդականը անպայման նսեմացուցիչ հանգամանք չեն ապրող ու կենսունակ կուսակցութեանց համար։
Բայց այդ մասին կ՛արժէ առանձին յօդուածով փակագիծները բանալ…