
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Նոյեմբեր 23ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի գործերով Հայաստանի ազգային յանձնաժողովին ձեռնարկած հայ աշակերտներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, Գերմանիոյ դեսպան Հանս-Եոխեն Շմիտթ յայտարարեց.
«Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը քննարկուի Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն գերմանական սպաներու առկայութեան ծիրին մէջ: Այն, ինչ տեղի ունեցած է 1915ին, յայտնի եղած էր շատ գերմանական սպաներու եւ դիւանագէտներու, որոնք աշխատած են Թուրքիոյ մէջ: Այս խնդիրներու առկայութան պարագային, մենք՝ գերմանացիներս, պէտք է քննադատաբար մօտենանք հարցին, քանի որ համամեղսակից եղած ենք՝ չիրազեկելով եւ չխոչընդոտելով տեղի ունեցածը»։
Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը նաեւ նշեց, որ նոյնիսկ այն ժամանակուան վարչապետը, իմանալով դէպքերուն մասին՝ յայտարարած էր, որ Թուրքիան կայ եւ կը մնայ Գերմանիոյ դաշնակիցը: Դեսպանը նաեւ շեշտեց, որ գերմանացի ականաւոր հասարակական գործիչ, դոկտ. Լեփսիուսի ջանքերով կը բարձրաձայնուէր հայ ժողովուրդին հասած աղէտին մասին:
«Ուրախ եմ, որ կայ Լեփսիուսի անուան Ցեղասպանութեան թանգարան, որ կը համագործակցի Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանին հետ», նշեց գերմանացի դիւանագէտը:
Ըստ դեսպանին, պէտք է քննադատական մօտեցում դրսեւորել թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թէ Ողջակիզման պարագային, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած այլ ցեղասպանութիւններու հարցերուն նկատմամբ:
Հանս-Եոխեն Շմիտթի խօսքերով, ժամանակակից գերմանացիները լաւապէս տեղեակ չեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: «Գիտելիքները շատ սուղ են: Միջին կրթութեան գերմանացին նոյնիսկ իր երկրի պատմութիւնը լաւ չի գիտեր», ըսաւ դեսպանը, միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ Գերմանիոյ Պրանտենպուրկի երկրամասը ներառած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեման իր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ: