
Ամերիկայի հայ ուսանողներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումներուն ընդունումը. զանոնք ներկայացնելու ժամկէտը Մարտ 15, 2012ն է:
1910ին հաստատուած Ամերիկայի հայ ուսանողներու միութիւնը նպաստներ կը տրամադրէ համալսարանական առնուազն մէկ տարուան ուսում ունեցող հայ լիաժամ ուսանողներու: Դիմումնագիրներու համար, այցելել www.asainc.org/national/scholarships.shtml կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել headasa@aol.com հասցէին: