ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Հայ ուսանողներու միացեալ մարմինին (All-ASA)՝ հիւրընկալեց ասպարէզի եւ համալսարանական ուսման նուիրուած խորհրդատուական փառատօն մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին, մասնակցութեամբ աւելի քան 250 ուսանողներու, մեծ մասամբ՝ Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանէն:
Պըրպենքի պետական երկրորդական վարժարանին մէջ կայացած ձեռնարկի մասնակիցներուն թիւը ոգեւորիչ համարող Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Սիլվա Քէշիշեանը կը յայտնէ, թէ նման ձեռնարկներ յոյժ կարեւոր են՝ ուսանողներուն ծանօթացնելու համար ուսում շարունակելու կամ ասպարէզ մը նետուելու գծով բոլոր կարելիութիւնները:
Խորհրդատուական փառատօնին մասնակիցները առիթը ունեցան տեղեկութիւններ ու խրատներ ստանալու զանազան ասպարէզներու մասնագէտներէ եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներէ՝ աշխատանքի կամ համալսարան դիմելու դիմումնագիրներ ամբողջացնելու, նիւթական օժանդակութիւններ ստանալու կամ վարժողական ծրագիրներու մասնակցելու կապակցութեամբ:
Ներկաները նաեւ վայելեցին ՀՅԴ «Կայծ» Պատանեկան միութենէն Սագօ Մինոյեանի երաժշտական կատարումները:
Խորհրդատուական սպասարկութիւն տրամադրեցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Պըրքլիի, Ըրվայնի ու Նորթրիճի մասնաճիւղերու, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի եւ «Օքսիտենթըլ» համալսարանի ներկայացուցիչներ:
Պըրպենքի ոստիկանութիւնը եւս յատուկ աշխատանիստ մը կազմակերպած էր աշխատանքի կարելիութեանց մասին:
Փառատօնին ներկայ էր նաեւ քաղաքապետ Ճես Թալամենթես, որ ողջունեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին սոյն նախաձեռնութիւնը: Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակէն ներկայացուցիչ Մերի Յովակիմեան եւս իր մասնակցութիւնը բերած է փառատօնին՝ կոչ ընելով նման ձեռնարկներ կազմակերպելու գոնէ տարին մէկ անգամ: