Յովհաննէսեան ընտանիքի վերջին հարիւրամեակի պատմութեան նուիրուած Կարին Յովհաննէսեանի «Family of Shadows» հատորին թղթակազմ օրինակը վերջերս լոյս ընծայուած է «Հարփըր Քոլինզ» հրատարակչատան կողմէ եւ կը վաճառուի համացանցային «Amazon» շուկային ու գրադարաններու մէջ:
Վերջերս լոյս տեսած է նաեւ հատորին արեւելահայերէն թարգմանութիւնը՝ «Գերդաստան Ստուերաց» խորագիրով: Թարգմանութիւնը կատարած է Սամուէլ Մկրտչեան: Հայերէն հատորը տրամադրելէ ի շրջանի հայկական գրախանութներէն, իսկ անոր հասոյթը պիտի տրամադրուի «Օրրան» բարեգործական միութեան, որ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Հայաստանի կարիքաւոր տարեցներու եւ երեխաներու:
Հատորը կու տայ զօր. Անդրանիկի զինուորներէն մէկը հանդիսացած եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած Գասպար Յովհաննէսեանի, ինչպէս նաեւ անոր զաւակին՝ պատմագէտ եւ դասախօս Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ու թոռան՝ վերանկախ Հայաստանի արտաքին գործոց առաջին նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի պատմութիւնը՝ իւրայատուկ ոճով: Նշեք, որ Կարին զաւակն է Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին:
Հատորին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.familyofshadows.com կայքը: