ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա. նե»չ.- Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնին, «Ախալցխայի Վերածնունդ» կայքէջին եւ Վալէի հայկական դպրոցին նուէրներ յանձնելու նպատակով, Նոյեմբեր 19ին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն այցելեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան, Սփիւռքի նախարարութեան Կովկասի բաժինի պետ Տարօն Շագոյեան, «ՊՈԱԿ»ի տնօրէն Դաւիթ Շահբազեան եւ նախարարութեան ելեւմտական բաժինի պետ Հայկ Յովսէփեան, որոնք ծանօթացան կեդրոնի գործունէութեան եւ ականատես եղան հայկական ազգագրական պարերու ուսուցման դասընթացքներուն:
Նախարարութեան կողմէ Երիտասարդական կեդրոնին նուիրաբերուեցան դասագիրքեր, մանկական տեսաերիզներ, ուսումնական ձայնասկաւառակներ, ինչպէս նաեւ ՀՀ պետական խորհրդանիշներ: «Ախալցխայի Վերածնունդ» կայքէջին նուիրաբերուեցաւ տեսախցիկ մը, իսկ Վալէյի հայկական դպրոցին՝ համակարգիչ, տպագրական գործիք եւ տեսախցիկ: