ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը Նոյեմբեր 23ին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ընդունեց նոր ձեռք բերուած երկու «Պոյինկ 737-500» տեսակի օդանաւերէն առաջինը, իսկ երկրորդը պիտի ընդունուի Դեկտեմբեր 15ին։ Ընկերութեան սեփականատէր Միխայիլ Բաղդասարովի տեղեկութիւններով, ընկերութիւնը կը փոխարինէ իր հին օդանաւերը, որոնք ձեռք բերուած էին վարձակալութեան հիմքով:
«Այս երկու ինքնաթիռները ձեռք են բերուել վարկով, եւ, ի տարբերութիւն նախկին ինքնաթիռների՝ արդիւնքում նրանք ամբողջութեամբ դառնալու են «Արմաւիա»ի սեփականութիւնը», ըսաւ Բաղդասարով, աւելցնելով, որ, թէեւ «Արմաւիա»ն մեծ չափերու վարկեր փակելու գործընթացին մէջ է, սակայն կրնայ նաեւ ձեռք բերել սեփական օդանաւեր: