
ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 25ին, Երեւանի մէջ Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն՝ կանխատեսած է, որ իշխանական օղակներուն մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հրաժարականներն ու պաշտօնանկումները տակաւին պիտի շարունակուին, եւ որ անոնք ցոյց կու տան իշխող միախառն կառավարութեան մէջ ծագած լուրջ տարաձայնութիւնները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան»ին (ԲՀԿ) միջեւ:
Կարծիք մը կայ, թէ ԲՀԿն նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած կուսակցութիւն է: Տէր Պետրոսեան, ԲՀԿն յորդորած է յստակօրէն սահմանազատուիլ Քոչարեանէն, որպէսզի խուսափի 2008ի Մարտ 1ին վերջինիս թափած արեան պատասխանատուութենէն:
Առաջին նախագահը նաեւ ըսած է. ««Բարգաւաճ Հայաստան»ն իր դէմքն իսպառ կը կորցնի նաեւ այն պարագայում, եթէ, բաւարարուելով կրտսեր եղբօր կարգավիճակով՝ խորհրդարանական ընտրութիւններին մասնակցի Հանրապետականների հետ կազմած միասնական ցուցակով»:
Յայտնելով իր անձնական կարծիքը՝ Տէր Պետրոսեան նշած է. «Ի հարկէ, առայժմ դժուար է գուշակել, թէ որքա՛ն հեռուն կը գնան իշխանական կոալիցիայի ներսում ծագած տարաձայնութիւնները, բայց եթէ պարզուի, որ «Բարգաւաճ Հայաստան»ն անկեղծօրէն մտադիր է դուրս գալ կոալիցիայից եւ պայքարել իրապէս արդար ու օրինական ընտրութիւններ անցկացնելու համար, ապա, իմ կարծիքով, Հայ Ազգային Կոնգրեսն, այդ պարագայում, պէտք է պատրաստ լինի լրջօրէն քննարկել նրա հետ համագործակցելու հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները»։
Նշենք, որ վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած էին չհաստատուած լուրեր, թէ ԲՀ կուսակցութիւնը, կրնայ ըլլալ, որ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցի Հանրապետականներուն հետ կազմուած միասնական ցուցակով մը:
ՀԱԿի համակարգող Լեւոն Զուրաբեանի խօսքով, Կոնգրեսը ներկայացուցած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին համար առկայ շարք մը իրաւաքաղաքական հիմքեր: Զուրաբեան ըսած է, որ ՀԱԿը այս առումով իրաւական պայքար կը տանի՝ «Լայն զանգուածներ»ու աջակցութեամբ: Ընդդիմադիրը յայտարարած է, որ Դեկտեմբեր 10ին՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրը, երթ մը պիտի կազմակերպուի: