ԳԻՒՄՐԻ, «Նիուզ».- Ճանաչողական այցով մը, Նոյեմբեր 28ին Գիւմրի գտնուած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ նորանշանակ դեսպան Ճոն Հեֆըրն, որ այնտեղ հանդիպում ունեցած է տեղի հասարակական կազմակերպութիւններու (ՀԿ) ներկայացուցիչներու հետ, ապա ծաղկեպսակներ դրած Գիւմրիի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Դեսպանը նաեւ այցելած է Գիւմրիի ճարտարագիտական գրադարանը, ուր մասնակցած է նոր սենեակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, ու այնուհետեւ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն՝ նշելով, որ այժմ չ՛ուզեր գնահատականներ տալ տարիներու ընթացքին վերակառուցուած աղէտի գօտիին մասին։ «Վեց շաբաթներու ընթացքին կրցած եմ որոշ չափով տիրապետել նաեւ հայերէնին, սակայն յաջորդ այցին ընթացքին կը խոստանամ Ձեր հարցերուն պատասխանել հայերէնով», ըսած է դեսպանը: