ՓԱՐԻԶ, «Թեր»չ.- Ֆրանսական Le Monde պարբերականին տեղեկութիւններով, Ֆրանսայի իշխանութիւնները, Ֆրանսայի մէջ բնակելու արտօնութիւն չստացած փախստականներէն իւրաքանչիւրին մինչեւ 2000ական եուրօ պիտի վճարեն, եթէ անոնք կամաւոր համաձայնին հայրենիք վերադառնալ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Քլոտ Կէան յայտարարած է, որ այդպիսով իրենք մտադիր են վերջ դնել այն դէպքերուն, երբ ներգաղթողները, բնակութեան համար արտօնութիւն չստանալով՝ կը համալրեն ապօրինի ներգաղթեալներու շարքը:
«Փախստականներուն ապաստան տրամադրելու մեր համակարգը վտանգի տակ է, քանի որ անիկա յաճախ կ՛օգտագործուի մեր երկրին մէջ ապօրինի կերպով ամրապնդուելու նպատակով», Փարիզի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Կէան: Իր խօսքերը ապացուցելու համար, նախարարը նշած է, թէ վերջին չորս տարուան ընթացքին, Ֆրանսայի մէջ փախստականներուն թիւը 55 տոկոսով աճած է:
Ան աւելցուցած է, որ մինչեւ 2011ի վերջաւորութիւնը, ապաստան ստանալու մասին 60,000 դիմում պիտի քննուի, իսկ 2008ի տուեալներով, այդ թիւը 42.6 հազար էր: Փախստականներուն մեծ մասը Ֆրանսա կը ժամանէ Պանկլատեշէն եւ Հայաստանէն։
Նշենք, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները ամէն տարի կը մերժեն ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած փախստականներուն 70էն 80 տոկոսը: Օրէնքի համաձայն, մերժուած անձերը պէտք է մէկ ամսուան ընթացքին ձգեն երկիրը։