ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայրաքաղաքի երթուղային նոր ցանցի մշակման նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբը Նոյեմբեր 29ին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուցած է մայրաքաղաքի երթուղային նոր ցանցի հիմնական ուղղութիւններն ու ռազմավարութիւնը:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեամբ, աշխատանքային խումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են քաղաքապետի խորհրդականներ, փոխադրամիջոցային ընկերութիւններու եւ Երեւանի հասարակական փոխադրամիջոցի կառավարման յանձնաժողովի անդամներ, նաեւ՝ անկախ փորձագէտներ:
Ներկայացնելով երթուղային նոր ցանցը՝ քաղաքապետի խորհրդական Արտաշէս Առաքելեան նշած է, որ անիկա մշակուած է միջազգային տարբեր կառոյցներու կողմէ իրականացած համակարգման արդիւնքներուն հիման վրայ:
Նոր ցանցի հիմնական ռազմավարութիւնը, մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցները բեռնաթափելն ու փոքր հանրակառքերէն՝ մեծերուն աստիճանական անցում կատարելն է: 350 հանրակառքի փոխարէն, նոր ցանցի երթուղիներուն թիւը կը նախատեսուի աւելցնել 16ով, իսկ մեծ հանրակառքերունը՝ 300ով:
Լսելով կողմերուն կարծիքները, առաջարկներն ու դիտողութիւնները՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան աշխատանքային խումբին յանձնարարած է երթուղային նոր ցանցին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել յատկապէս առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն: «Երթուղային ցանցն անհրաժեշտ է այնպէս կառուցել, որ քաղաքացիները երթեւեկութեան ծանրաբեռնուած ժամերին, երթեւեկելու դժուարութիւններ չունենան», ընդգծած է Տարօն Մարգարեան: