Անցեալ շաբաթավերջին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպական նոր հանգրուան մը թեւակոխելու յայտ ներկայացուց՝ եռօրեայ աննախընթաց տարողութեամբ ու ընդգրկումով յատկանշուող խորհրդաժողովին յաջող իրականացումով:
Աւելի քան 500 մասնակիցներ, քաղաքական խօսքի ու գործի ազդեցութիւնը առաւել հզօր դարձնելու կոչուած քննարկումներ, դասախօսութիւններ ու զեկոյցներ՝ մասնագէտներու ու իրենց ասպարէզին մէջ անուն ու հռչակ ապահոված անձերու կողմէ, նաեւ գործնական ու ընկերական մթնոլորտ… այս բոլորը անմոռանալի իրադարձութեան մը վերածեցին շաբաթավերջի իսկապէս յագեցած միջոցառումը:
Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած աւելի քան ութ հարիւր համակիրներու ու Հայ Դատին սատարողներու ներկայութեամբ ճաշկերոյթը, իր կարգին յաջողութեան մէկ այլ պսակով հարստացուց եռօրեայ ծրագիրը:
Գոհաբանութեան շաբաթավերջին այսպիսի մեծ միջոցառում կազմակերպելու յանդգնութիւնը ցուցաբերած եւ ծրագիրը այսպիսի յաջողութեամբ գլուխ հանած Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներուն, անոնց շուրջ կանգնած անձերուն, ձեռնարկը կազմակերպելու անմիջական գործը ստանձնած խումբին ու ճաշկերոյթի յաջողութեան նպաստած հովանաւորներուն մեր գնահատանքը կը յայտնենք:
Ձեռնարկի մասնակցողներուն տեսանելի ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը յոյս կը ներշնչեն, որ Հայ Դատի գործունէութեան ծիրը ընդարձակելու նոր կարելիութիւններ կը բացուին մեր առջեւ: Անցեալի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուողները, իւրայատուկ ընկերականութեամբ կը միաւորուին ու մշտական յանձնառութեան ոգիով կը շարունակեն իրենց գործը՝ իւրաքանչիւր յաղթանակի հետ նորոգուելով, իւրաքանչիւր դժուարութեան ու խոչընդոտի առջեւ առաւել պնդանալով:
Աշխարհի գերհզօր պետութիւնը նկատուուղ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ ազդելու լծակներ պէտք են մեզի: Այս փառասէր առաջադրանքը իրականացնելու կարեւորութիւնը օրէ օր աւելի շեշտակի կը դառնայ՝ յատկապէս Արցախի անկախութեան ճանաչումի, Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման եւ ընդհանրապէս Հայկական Հարցի հետապնդման այսօրուան պահանջներու լոյսին տակ: Այդ առաջադրանքը իրագործելու առաքելութիւնը իրեն վրայ վերցուցած է Հայ Դատի յանձնախումբը, ու այդ առաքելութեան ճամբուն վրայ արդէն իսկ նկատառելի յաջողութիւններ արձանագրած է: Աւելիին հասնելու ձգտումն է, որ կը խթանէ յանձնախումբի պատասխանատուները նոր ծրագիրներ մշակելու, նոր շրջանակներ նուաճելու, նոր գործընկերներ փնտռելու, գործիչներու ցանցը ըստ կարելւոյն աւելի ու աւելի ընդարձակելու:
Այս տեսակէտէն մեկնած՝ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցաւ գերազանց արդիւնք:
Վարձքերնիդ կատա՛ր, Հայ Դատի հաւատաւորներ, գործիչներ: Թող ձեր շուրջ հաւաքուած երիտասարդներուն կորովը բազմապատկէ ձեր եռանդը, ու գալիք մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ձեր վճռականութիւնը թող վարակիչ դառնայ տակաւին լուսանցքներու վրայ սպասողներուն: