ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին յայտարարած է, թէ անկարելի է Արցախի տագնապը ռազմական միջոցներով լուծել՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ ներկայ իրավիճակին պահպանումը եւս «անընդունելի է»:
Ակնարկելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յաջորդ հանդիպման՝ Պրայզա աւելցուցած է. «Նախագահները պէտք է դժուար որոշումներ կայացնելով իրարու մօտ բերեն երկու ժողովուրդները եւ հասնին վերջնական, արդար ու խաղաղ համաձայնութեան»: