ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Դեկտեմբեր 15ին, ՀՀ Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) մէջ տեղի կ՛ունենայ «Գարեգին Նժդեհի գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ» խորագրեալ գիտաժողովը, որ նուիրուած է զօրավար եւ գաղափարախօս Գարեգին Նժդեհի 125ամեակին։
Գիտաժողովի չորս նիստերուն կը քննարկուին «Հայապահպանութեան, ազգային ինքնութեան եւ դաստիարակութեան հարցերը Գարեգին Նժդեհի գաղափարախօսութեան մէջ», «Գործնականը եւ գաղափարախօսականը Գարեգին Նժդեհի սփիւռքեան գործունէութեան մէջ», «Գարեգին Նժդեհ. զօրավարը եւ մտածողը» ու «Գարեգին Նժդեհը՝ մանկավարժի եւ ուսանողի տեսանկիւնից» թեմաները:
Նիստերը կը վարեն Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ղեկավար Արամ Սիմոնեան եւ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրաբեան ու անոր տեղակալը՝ Էդգար Յովհաննիսեան:
Գիտաժողովի կազմակերպիչներն են ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ԳԱԱն, ԵՊՀն ու «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամը:
Նշենք, որ Գարեգին Նժդեհը (Գարեգին Տէր Յարութիւնեան) հայ պետական գործիչ եւ յայտնի գաղափարախօս մըն էր (1886-1955 թթ.), որ 20րդ դարու սկիզբը պայքարած է Հայաստանի կայացման եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար: