
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Դեկտեմբեր 1էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը, բեմադրութեամբ aԼանա Քոչարեան-Ատրունիի, ելոյթ ունեցաւ «Մանչուկը եւ Քարլսոնը, որ կ՛ապրի տանիքին վրայ» մանկապատանեկան թատերախաղով:
Նիւթը կը խօսի մանչուկի մը մասին, որ կ՛ունենայ ընկեր մը՝ «Քարլսոն»ը, որ կ՛ապրի տանիքին վրայ, սակայն իրմէ զատ ոչ ոք կը տեսնէ եւ կը հաւատայ անոր: Թատերախաղի աւարտին վերջապէս մանչուկին ընտանիքը կը ծանօթանայ Քարլսոնին եւ կը հաւատայ, որ ան գոյութիւն ունի:
Բեմադրիչ Լանա Քոչարեան-Ատրունի իր շուրջ համախմբած էր գաղութի հանրածանօթ եւ կարող դերասաններ՝ Վարդան Մկրտիչեան եւ Պեթի Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Մակի Վասիլեան, Կասիա Թօփուշեան, Թուխիկ Աւետիսեան, Նարեկ Մուղալեան, Սթեֆանի Ղուկասեան, Մասիս Լեփեճեան, Առնօ Ճիհանեան, որոնք շատ լաւ ձեւով կատարեցին իրենց վստահուած դերերը, յատկապէս՝ մանչուկը (Կասիա Թօփուշեան) եւ Քարլսոնը (Վարդան Մկրտիչեան), որոնք փայլք տուին թատերախաղին: