ՓԱՐԻԶ.- Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբերին, Փարիզի Միջազգային համալսարանական ոստանի Հայ ուսանողներու տան մէջ յատուկ հրաժեշտի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ ի պատիւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի, որ 2011 տարուան վերջաւորութեան հանգստեան պիտի կոչուի «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինի տնօրէնութեան պաշտօնէն:
Զաւէն Եկաւեան Հայ ուսանողական տան հետ առնչուած երկար անցեալ մը ունի: 12 տարիներ շարունակ եղած է Հայ տան տնօրէնը, որմէ ետք նշանակուած է Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժինի տնօրէն: Նոր պաշտօնի կոչուելով հանդերձ, կը մնար կապուած Հայ ուսանողական տան, քանի որ իբրեւ Պօղոս Նուպար ընտանիքի ներկայացուցիչ, ի պաշտօնէ վարչութեան անդամ էր:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը Փարիզի ուսանողական ոստանին մէջ կարեւոր ներդրում ունի թէ՛ Հայ ուսանողներու տան կապակցութեամբ եւ թէ Փորթուկալի Ուսանողական «Անտրէ Կուուէա» տան: Հիմնարկը Հայ ուսանողներու տան համար կը ցուցաբերէ տարեկան 30-40 հազար եուրոյի ներդրում, որ կ՛ընդգրկէ տան սենեակներու մատակարարում, ուսանողներու կրթաթոշակ եւ զանազան բարենորոգումներ:
Ձեռնարկի ընթացքին, Հայ ուսանողական տան ներկայ տնօրէն Սահակ Սուքիասեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը: Խօսք առաւ նաեւ ընդհանուր վերակացու Քարին Քամպի:
Իր կարգին, Զաւէն Եկաւեան նշեց կարեւոր երեք կէտեր. առաջինը՝ Համալսարանական ոստանը միջազգային կառոյց ըլլալով՝ միջպետական համաձայնութեամբ կառուցուած են տարբեր ժողովուրդներու համալսարանական տուները. իսկ Հայ ուսանողական տունը կը հանդիսանայ միակը, որ պետութիւն չունենալով հանդերձ, կառուցուած է Պօղոս Նուպար փաշայի կողմէ: Երկրորդ՝ Միջազգային համալսարանական ոստանը ժողովուրդներու միջեւ փոխհասկացողութեան եւ հանդուրժողութեան խորհրդանիշ է: Այստեղ է որ զանազան պետութիւններու, ազգերու զաւակներ կու գան ուսանելու եւ իրարու հետ բնականօրէն կը հաղորդակցին ու կ՛ընկերանան: Երրորդ՝ Եկաւեան յայտարարեց «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժինի յաջորդ տնօրէնին անունը՝ Աստղիկ Չամքերթեն: