ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին յայտարարած է, թէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող Ֆրանսայի խորհրդարանի, որոշումը՝ «մեզի համար անընդունելի է»։
«Եթէ անոնք իրենց վերաբերմունքը կ՛արտայայտեն հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածին նկատմամբ, ապա թող իրենց վերաբերմունքը արտայայտեն նաեւ Խոջալուի ցեղասպանութեան, մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներու փախստական ու հարկադիր գաղթական դառնալու փաստին առնչութեամբ», աւելցուցած է ան՝ պնդելով, թէ այդ որոշումը «միայն յաւելեալ հարցեր պիտի ստեղծէ»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Քաղաքացի եւ զարգացում կուսակցութեան առաջնորդ Ռամիլ Հուսէյնով, «զայրոյթով» յայտնած է, թէ հայկական օրինագիծին վաւերացումը կանխելու համար, «եղբայրներ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործադրած բոլոր ջանքերը յաջողութեան չեն հասած», որովհետեւ, «Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին արհամարհած է զանոնք»: Ան կոչ ըրած է իշխանութիւններուն, որ Թուրքիոյ օրինակին հետեւելով՝ Փարիզէն տուն կանչեն Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը, ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկելու համար Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները: