
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա շատ մեծ ճնշում բանեցուց, սակայն ի վիճակի չեղաւ տապալելու Ֆրանսայի խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը. Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին այսպէս յայտարարեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան նշեց, որ յաջորդ կարեւոր քայլը բանաձեւը Ծերակոյտի հաւանութեան ներկայացնելն է եւ դրական եզրակացութիւն ստանալը:
«Այսօրուայ Ծերակոյտին մեծամասնութիւնը ընկերվարականներ են եւ կ՛ակնկալուի, որ օրակարգ մտնելու դէպքում՝ Ծերակոյտը կը հաստատի օրինագիծը: Սակայն դա չի նշանակում, որ պէտք է հանգիստ նստել: Օրակարգ մտնելու գործընթացը կարող է խոչընդոտուել որոշ անձանց կողմից, քանի որ կային մարդիկ, որոնք դէմ արտայայտուեցին», ըսաւ Մանոյեան, աւելցնելով, որ օրինագիծին վաւերացումը քաղաքական պատասխանն էր Թուրիքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան:
«Թուրիքա այդ քաղաքականութիւնը վարում է ոչ միայն իր երկրում, այլեւ՝ այլ պետութիւնների կառավարման մարմիններում: Այդ տեսակէտից կարեւոր էր Ֆրանսիայի նման որոշման ընդունումը, որը պայմանաւորուած էր Ֆրանսիայում նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններով, Ֆրանսիա-Թուրքիա, Ֆրանսիա-Հայաստան յարաբերութիւններով», աւելցուց ան: