ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «ՍալամՆիուզ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Նովրուզ Մամատով Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին յայտարարած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստան կառուցողական դիրքորոշում չորդեգրէ, ապա բանակցութիւնները շարունակելը անկարելի պիտի ըլլայ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 2012ին ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ խաղաղ համաձայնագիր կրնա՞յ կնքուիլ՝ Մամատով պատասխանած է. «Տակաւին անկարելի է յստակ այդ մասին խօսիլ։ Քազանեան վերջին հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը տարբեր խուսանաւումներու կը դիմէ իշխանութեան ղեկին վրայ մնալու համար, եւ կը ձգձգէ բանակցութիւններուն ընթացքը», ըսած է Մամատով եւ աւելցուցած, թէ հայկական կողմէն պէտք է պահանջել, որ կառուցողական դիրքորոշում որդեգրէ այդ հարցին գծով։