ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Անդրադառնալով 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի անցում կատարելու ՀՅԴի եւ «Ժառանգութեան» համատեղ յայտարարութեան՝ ԱԺ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան Դեկտեմբեր 28ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգին անցնելու շուրջ իրենց դիրքորոշումը արդէն յայտնած են։ Համատեղ յայտարարութիւնը ան պայմանաւորեց նախընտրական շրջանին հետ, երբ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս կ՛արտայայտեն իրենց դիրքորոշումը:
Սահակեան բացառեց ՀՅԴի եւ «Ժառանգութեան» առաջարկին իրականացումը՝ նշելով, որ նման միաւորումները մէկ գիշերուան մէջ չեն ձեւաւորուիր։ Հանրապետական պատգամաւորը բացառեց նաեւ այն, որ հարցը կրնայ քննարկուիլ եւ առաջարկը կրնայ իրականութիւն դառնալ: «Կարելի է միայն քննարկել՝ մէկ անգամ եւս ապացուցելու համար, որ անհիմն գնահատականներ են տալիս այս պահի համար», ըսաւ ան:
Նշենք, որ ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեան նշեալ առաջարկին մասին ըսած էր, թէ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը պատրաստ է հարցը քննարկելու ամենայն լրջութեամբ ու խորութեամբ։