ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան Դեկտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, թէ 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցնելու իրենց առաջարկը փորձաքար է, եւ իշխանութիւններուն կողմէ անոր ընդունումը կրնայ ցոյց տալ, թէ իշխանութիւնները որքա՛ն կ՛ուզեն արդար ընտրութիւններ կայացնել: «Դա կարող է մեծացնել ընտրութիւնների նկատմամբ ժողովրդի վստահութիւնը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան եւ նշեց, որ մեծամասնական ընտրակարգի պարագային, արդէն իսկ մեկնարկային առաւելութիւնը իշխանութեան ձեռքն է, երբ 99 տոկոսի պարագային պատգամաւոր կը դառնայ իշխանութեան ներկայացուցիչը:
«Ընդդիմութեանը ԱԺից դուրս մղելու լաւագոյն միջոցը՝ մեծամասնական ընտրակարգն է: Այն իշխանութեան վերարտադրման լաւագոյն տարբերակն է», ըսաւ Ռուստամեան եւ նկատեց, որ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան պատգամաւորներուն թիւը 27 չէ, եւ այդ թիւով նոյնիսկ Սահմանադրական դատարան հնարաւոր չէ դիմել:
Համամասնականին անցնիլը ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը բնութագրեց գերակայ խնդիր, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ համախոհութեան դաշտ յառաջացնել քաղաքական ուժերուն եւ հասարակութեան մէջ: Առաջարկը ընդունելու պարագային, իշխանութիւնները, ըստ Ռուստամեանի, պիտի ապացուցեն, թէ իսկապէս կը փափաքին արդար ընտրութիւններ իրականացնել, եւ թէ անոնց մասին ներկայ յայտարարութիւնները անկեղծ են:
Ռուստամեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ համախոհութիւն՝ քաղաքական դաշտին վրայ, արդէն իսկ կայ։ Ան մատնանշեց, որ իրենց յայտարարութիւնը ողջունած են ՀԱԿը եւ «Ազատ Դեմոկրատներ»ը:
«Նախաձեռնութիւնը լայն մասշտաբով պաշտպանուելու պարագայում, իշխանութիւնները կը յայտնուեն մեկուսացման մէջ, իշխանութեան եւ հասարակութեան մէջ, նաեւ նախաձեռնութեանը կողմ ուժերի մէջ կը յառաջանայ ջրբաժան», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան եւ ֆութպոլային դիւանագիտութեան լեզուով նկատել տուաւ, թէ այժմ գնդակը իշխանութեան դաշտին մէջն է:
Ամփոփելով 2011ը՝ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը նշեց, որ կարեւոր կը համարէ երկու անգամ ՀՅԴի կողմէ կառավարութեան անվստահութեան հարցին բարձրացումը, որուն միջոցով կուսակցութիւնը կրցաւ փաստել կառավարութեան հասարակական-տնտեսական ձախողութիւնները, եւ նոյնիսկ մեծամասնութիւնը չէր կրնար դէմ քուէարկել ՀՅԴ նախաձեռնութեան:
«Իր ծրագիրը չիրականացնելու պարագայում, կառավարութիւնը կա՛մ պէտք է վար դնէր իր լիազօրութիւնները, կա՛մ ԱԺն պէտք է ստիպէր, որ կառավարութիւնը փոխի իր ծրագիրը: Այդ երկու քննարկումները շատ յստակ դարձրեցին սոցիալ-տնտեսական հարցերում մեր տարբերութիւնն ու տարաձայնութիւնները ներկայ իշխանութեան հետ», ըսաւ ան:
Արմէն Ռուստամեան յիշեցուց նաեւ, որ եթէ Ազգային ժողովը ՀՅԴի անվստահութեան յայտը չընդունի, ապա իրենք պիտի դիմեն Սահմանադրական դատարան (ՍԴ), որուն համար ստորագրութիւններ պէտք է հաւաքել։ Հաշուի առնելով տօնական օրերը՝ ՀՅԴն Ազգային ժողովին մինչեւ Յունուար 20 պայմանաժամ տուած է. «Եթէ պատասխանը դրական եղաւ, հարցը կը տեղափողուի ՍԴ, եթէ ոչ՝ ապա մենք մեր քաղաքական յայտարարութեամբ կը դիմենք ՄԻՊին ու նրա միջոցով խնդիրը կը տեղափոխենք ՍԴ», եզրակացուց Արմէն Ռուստամեան։