ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Դեկտեմբեր 28ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեց Աւստրալիոյ Ուելս նահանգի խորհրդարանի անդամ Ուոլթ Սեքորտ՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ու Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արա Նռանեանի։
Սեքորտ ծաղկեպսակ զետեղեց անմար կրակին մօտ, ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պահուող ցուցանմոյշներուն եւ արձանագրութիւն կատարեց տպաւորութիւններու մատեանին մէջ:
Նշենք, որ Ուելս նահանգի խորհրդարանը Աւստրալիոյ մէջ առաջինն էր, որ 1997ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ խորհրդարանի բակին մէջ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքար տեղադրեց:
Իր խօսքին մէջ Ուոլթ Սեքորտ նշեց, որ ինք առանձնայատուկ հետաքրքրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու խնդիրները: Ան աւելցուց, թէ հրէական Ողջակիզումը վերապրած ընկերներէն մէկուն պատմութիւնը ուսումնասիրելով՝ ան հասած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: «Ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ գտայ Հիթլերի խօսքերը՝ «Ո՞վ կը յիշէ հայերը»: Եւ այս տողը մղեց զիս աւելի խորութեամբ ուսումնասիրելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ես կը պաշտպանեմ այս օրերուն Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի մէջ կատարուող քայլերը: Կը կարծեմ՝ անբարոյական եւ չարամիտ է Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը: Ես երէկ Արցախ մեկնած էի, այսօր Երեւան՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգելու համար մէկ ու կէս միլիոն հայերու յիշատակը», ըսաւ աւստրալիացի խորհրդարանականը: