ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր Մեդիա».- Դեկտեմբեր 28ին ԼՂՀ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂՀ առաջին Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններու 20ամեակին նուիրուած հաւաք-հանդիպում մը, որուն կը մասնակցէին նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովներու բոլոր կազմերու նախագահները, ԱԺ նախքին ու նոր պատգամաւորներ ու լրագրողներ:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ անցեալ 20 տարիներուն ընթացքին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած է 1095 օրէնք: Մինչ օրս հինգ գումարումներու պատգամաւորներուն թիւը 223 է. 80ը՝ առաջին գումարման Ազգային ժողովէն, 40ը՝ երկրորդ, 33ը՝ երրորդ, 37ը՝ չորրորդ, իսկ 33ը՝ հինգերորդ: