ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, տեսաժապաւէնով հայերէն ուղերձ մը ուղղած է հայ ժողովուրդին:
Ան իր խօսքը սկսած է հետեւեալով.
«Բարեւ ձեզ,
Ամերիկայի ժողովուրդին անունով իմ լաւագոյն մաղթանքները՝ հայ ժողովուրդին, այս գեղեցիկ տօներուն առիթով։
Ես եւ իմ կինը՝ Լիպին, երեք ամիս է կ՛ապրինք Հայաստանի մէջ: Մենք շնորհակալ ենք հայ ժողովուրդի ջերմ հիւրընկալութեան համար: Մենք հիացած ենք Հայաստանի բնական եւ պատմական արժէքներով»:
ԱՄՆ դեսպանը իր ամանորեայ ելոյթին մէջ նշած է նաեւ, որ 2012 թուականին պիտի լրանայ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւններու եւ գործընկերութեան 20րդ տարին, շեշտելով երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:
«Մեր ընդհանուր նպատակը խաղաղութիւնն է, բարեկեցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ», ըսած է դեսպանը, եւ ամփոփելով իր ուղերձը՝ փոխանցած է նաեւ Ամերիկայի ժողովուրդին մաղթանքները՝ հայաստանցիներուն. «Ամերիկայի ժողովուրդին եւ դեսպանութեան անունով, մեր լաւագոյն մաղթանքները՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով»:
Նշենք, որ Ճոն Հեֆըրն երեք ամիսէ ի վեր Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպանն է: Հայաստան ժամանելէ ետք ան ըսած էր, որ հայերէն պիտի սորվի: Հեֆըրն Ամերիկայի առաջին պաշտօնեան է, որ հայ հասարակութեան ներկայացաւ իր «պլակ»ով՝ զանազան թեմաներով եւ խնդիրներով, ինչպէս՝ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցելու իր նպատակները, Հայաստանի ու ԱՄՆի կառավարութեանց համագործակցութեան զարգացումը եւ այլն: Այս ընթացքին Ճոն Հեֆըրն քանի մը անգամ անդրադարձած է նաեւ 2012 եւ 2013 թուականներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւններուն: Ան հաւաստիացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանին՝ յառաջիկայ համազգային ընտրութիւնները միջազգային չափորոշիչներու համապատասխան իրականացնելու գործին մէջ: