ԵՐԵՒԱՆ, «7օր».- Դեկտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, մանկատուներու շրջանաւարտներու հետագայ ճակատագիրին եւ խնդիրներուն մասին ահազանգ հնչեցուցին «Հետք»ի գլխաւոր խմբագիր Էդիկ Բաղդասարեան եւ ԱԺ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան:
Է. Բաղդասարեան նշեց, որ երկու ամիս առաջ, 18 տարին լրացուցած 15 շրջանաւարտներ դուրս դրուած են «Զատիկ» մանկատունէն: Անոր խօսքով, 2003ին պետական ծրագիրով բնակելի շէնքեր կառուցուած են մանկատունէն դուրս եկող երեխաները տեղաւորելու համար, սակայն արդէն երկու տարի է որ այդ ծրագիրը չի գործեր, իսկ մանկատան շրջանաւարտները մնացած են բախտի քմահաճոյքին: «Նրանց դուրս են հանում ու հարցնում, թէ ինչո՞ւ են գողութիւն անում: Ես երեխայ եմ ճանաչում, որ ասում է՝ գողութիւն եմ անում, որ ձմեռը բանտում անցկացնեմ», ըսաւ Էդիկ Բաղդասարեան:
ԱԺ պատգամաւոր Ա. Բախշեան, իր կարգին նշեց, թէ կարեւոր է այս խնդիրին վերաբերեալ պետութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը: Պատգամաւորին խօսքերով, ամէն տարի պետական պիւտճէով կը նախատեսուի ընդամէնը 22 խնամատար ընտանիքի հասարակական ապահովութիւն: «Չունենք պետական յստակ քաղաքականութիւն՝ սոցիալական այս կարեւորագոյն խնդրի լուծման համար», ընդգծեց ան եւ աւելցուց, որ մեր երկրին մէջ հասարակական ծրագիրները արդիւնաւէտ չեն, եւ շատ մանկատուներու երեխաներ այդ աջակցութիւնը չեն զգար:
Ասուլիսին ներկայ «Զատիկ» մանկատան շրջանաւարտներէն Արսէնը պատմեց, թէ այժմ կ՛ապրի վարձքով բնակարանի մը մէջ, կ՛ուսանի Երեւանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, իսկ գիշերները կ՛աշխատի հացի փուռի մը մէջ, որպէսզի կարենայ տան վարձքը վճարել: Նշենք նաեւ, որ մանկատան շրջանաւարտները նամակ յղած են Հայաստանի նախագահին՝ խնդրելով անմիջական միջամտութեամբ լուծում տալ այս հարցին: