ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 28ին, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով հանդիպած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի անդամ Ուոլթ Սեքորտին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան:
Շարմազանով Սեքորտին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին, Արցախեան հիմնախնդիրին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ճակատագիրին հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու մտահոգութեան համար, եւ յոյս յայտնած, որ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն շնորհիւ կայացած այս հանդիպումը շարունակական բնոյթ պիտի ստանայ ու դառնայ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հիմք:
Ուոլթ Սեքորտ իր կարգին տեղեկացուցած է, որ ինք Հայաստանի հետ պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահն է եւ շատ լսած է ցեղասպանութիւն տեսած հայ ժողովուրդի պատմութեան, անոր մշակոյթին ու ժողովրդավարական երկիր կառուցելու միտող անոր ներկայ գործընթացներուն մասին, բայց որոշած է ամէն բան «իր աչքերով տեսնել»:
Ան առաջին աւստրալիացի պատգամաւորն է, որ գտնուած է Արցախ, հանդիպած ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահին հետ, զգացած է անկախութեան ձգտող արցախահայութեան կամքն ու նպատակասլացութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրալիոյ հայկական համայնքին՝ Հայաստան այցին աջակցելուն համար: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացներուն՝ կողմերը արձանագրած են, թէ ցեղասպանութեան կանխարգելման լաւագոյն միջոցը զայն դատապարտելն է, իսկ Արցախի անկախ ու ազատ ապրելու իրաւունքը անբեկանելի է:
Պարոն Ուոլթ Սեքորտ տեղեկացուցած է, որ հանդիպումէն անմիջապէս ետք պիտի այցելէ Ցեղասպանութեան թանգարանն ու յուշահամալիրը՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու համար անմեղ զոհերու յիշատակին: