
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Գրաճեան» ընկերութիւնը որոշած է ժամանակաւոր կերպով շուկայէն քաշել իր «Cedar» վաճառանիշով «Թել» եւ «Շինկլիշ» տիպի մէկ փաունտնոց պանիրները, որովհետեւ կասկածներ յառաջացած են, թէ անոնք կրնան «լիսթիրիա» հիւանդութեամբ վարակուած ըլլալ, ինչ որ կրնայ առողջական լուրջ հարցեր ստեղծել ու նոյնիսկ մահ պատճառել՝ երեխաներու եւ տարեցներու պարագային:
Պանիրները կը ծախուին Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ միայն եւ կ՛արտադրուին Գանատայի մէջ: Խնդրոյ առարկայ են Նոյեմբեր 13էն առաջ առաքուած եւ UPC-ի հետեւեալ թիւերը կրող պանիրները՝ «78546 10000» ու «78546 01000»:
Պանիրները կարելի է վերադարձնել այն խանութները, ուրկէ գնուած են: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (866) 825 2633 թիւին: