«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Երէկուան (Կիրակի, 25 Դեկտեմբերի) «Ռատիքալ»ին մէջ Մեսուտ Հասան Պենլիի ստորագրութեամբ հրատարակուած էր թղթակցութիւն մը, որ շատ կարեւոր էր ճշդելու համար, թէ Թուրքիոյ մէջ «Հայկական ցեղասպանութիւն եղած է» ըսելը յանցագործութի՞ւն էր թէ ոչ՝ կարծիքի ազատութիւն։ Թղթակցութեան հեղինակը դիտել կու տար որ մինչ Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրինագծին դէմ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը կը շարունակուէր, Թուրքիոյ մէջ ալ փաստաբան մը դատավարութեան ենթարկուած էր Հայկական Ցեղասպանութիւն եղած է ըսած ըլլալուն համար։ Պատահարը նոր չէր, սակայն հրահանգիչ էր։
2004 թուականին Անգարայի Փաստաբանական Կաճառի համագումարի ընթացքին փաստաբան Մէտէնի Այհան շատ հետաքրքրական ելոյթ մը ունեցած էր եւ ըսած էր, որ Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է։ Ան, յայտնելով որ ինք ալ քրտական ծագում ունի, պնդած էր որ քիւրտերն ալ իրաւունք ունին պետութիւն մը հիմնելու։ Փաստաբան Այհան սապէս խօսած էր.
«Հայերու դէմ ցեղասպանութիւն մը կատարուած է։ Օսմանեան կայսրութիւնը 1915ին Համիտիէ կոչուած զօրախումբերու եւ Իթթիհատականներու խմբակներուն միջոցաւ դերակատար եղած է մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութեան մէջ։ Ես հոս հրապարակաւ կը բաժնեմ անիրաւուած աղուոր հայ ժողովուրդին ցաւը եւ այդ ժողովուրդին առջեւ կը խոնարհիմ։ Քիւրտերն ալ զատ ազգ մըն են։ Թուրքիոյ մէջ ապրող 30 միլիոն քիւրտ ժողովուրդը զրկուած է իր բոլոր իրաւունքներէն։ Ես հոս կը խօսիմ որպէս մէկ անդամը քիւրտ ժողովուրդին եւ որպէս մէկ հայրենակիցը Քիւրտիստանի։ Եւ կը պաշտպանեմ այն տեսակէտը թէ քիւրտերը իրաւական իրաւունք ունին պետութիւն մը հիմնելու»։
Փաստաբան Այհանի այս խօսքերուն համար անոր դէմ հետապնդում պահանջեց Սպայակոյտի այդ շրջանի Բ. նախագահ զօրավար Պաշպուղ։ Այհանի դէմ դատ բացուեցաւ այն մեղադրանքով, որ ան ժողովուրդին մօտ թշնամութեան հունտեր կը սերմանէր դասակարգի, ցեղի, կրօնքի կամ դաւանանքի բաժանումներ ընելով։ Անգարայի եղեռնադատ մէկ դատարանը այս մասին յառաջդիմական վճիռ ընդունեց, 2010ին վճռեց թէ փաստաբան Այհանի արտասանած խօսքերը կը մտնեն կարծիքի ազատութեան սահմանին մէջ եւ անպարտ արձակեց Այհանը։ Բայց ընդհանուր դատախազութիւնը մերժեց այս վճիռը ու ուզեց որ դատը շարունակուի։ Բարձրագոյն ատեանի դատախազութիւնն ալ կողմնակից եղաւ նախորդ դատարանին անպարտութեան վճիռին ու պահանջեց որ անպարտ արձակելու վճիռը գործադրուի։ Թղթածրարը այս անգամ յանձնուեցաւ բարձագոյն ատեանի պատժական բաժնին։
Տրուած ըլլալով որ փաստաբան Այհան չէր ուզեր որ այս դատը ջնջուի ժամանցումի ենթարկուելով, անցեալ Յուլիսին դիմում կատարեց բարձրագոյն ատեան ու պահանջեց որ իր դատը յառաջ տարուի ժամ առաջ։ Այհան կ՛ուզէր որ դատարանը ժամ առաջ արձակէր ուրիշներու համար օրինաչափ ծառայելու կոչուած վճիռ մը այն մասին թէ «Հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է» ըսելը յանցագործութի՞ւն էր թէ կարծիքի ազատութիւն։ Հակառակ Այհանի այս ցուցմունքին, դատարանը չուզեց արագացնել դատավարութիւնը ու զայն թողուց իր բնականոն ընթացքին։ Անկէ վերջ ալ, առանց մտնելու խնդիրին խորքային քննարկումին մէջ, վճռեց թէ այս դատը կ՛իյնար ժամանցումի ենթարկուած ըլլալուն համար։
Եթէ փաստաբան Այհանի ցանկացած ձեւով դատարանը ուրիշներու համար ալ օրինաչափ նկատուելիք վճիռ մը արձակէր կարծիքի ազատութեան կապակցութեամբ, այն ատեն Թուրքիոյ մէջ գիտնականները շատ աւելի հանգիստ կերպով պիտի կարենային վիճիլ թէ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուա՞ծ է թէ չէ։
«Ի՜նչ մեղք որ ասիկա չեղաւ, դատարանը խուսափեցաւ այդպիսի վճիռ մը արձակելէ» ըսաւ փաստաբան Այհան։