«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Պատմաբան Այշէ Հիւր, ինչպէս ամէն Կիրակի, երէկ ալ (Դեկտեմբեր 25ին) ամբողջ էջ մը պատմութեամբ լեցուցած էր «Թարաֆ» թերթին մէջ, այս անգամ նիւթ ընտրելով այն հարցումը, թէ «Ինչե՞ր պատահած էին Վանի մէջ 1915ի Ապրիլին»։ Տրուած ըլլալով որ պետական տեսակէտը միշտ յայտնած է թէ Հայերու տեղահանութիւնը կատարուած է 1915 թուականի Մարտ ամսուան մէջ՝ Զէյթունի, Ապրիլ ամսուան մէջ ալ՝ Վանի հայերու ապստամբութենէն ետք։ Այս պատաճառաւ Այշէ Հիւր կը պատմէ թէ իրականութեան մէջ ինչեր պատահած էին Վանի մէջ։ Աւելի վերջ պիտի ըսէ, որ որքան ալ Հայերը զանազան գրգռութիւններու ու պատահարներու հետեւանքով ապստամբած ըլլային, տեղահանութեան որոշումը արդէն անկէ առաջ ընդունուած ու յայտագրի մէջ առնուած էր։
Վանի մէջ պատահածները պատմելէ առաջ, Այշէ Հիւր ունի ներածական մը, որ ինքնին ամբողջ յօդուած մը կ՛արժէ։ Կարդանք այդ ներածականին սկզբնական մասը.
«Գրեթէ ամէն մարդ սկսած է մտածել որ Ֆրանսայի Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան օրէնքը կ՛արգիլէ խօսիլ այն մասին թէ ինչեր պատահած էին 1915-1917 թուականներուն։ Կարծես թէ 95 տարիէ ի վեր շատ խօսեր ենք այս նիւթին մասին։ Եկէք, այնքան հեռու չերթանք, ըսենք՝ կարծես թէ 24 Ապրիլ 2011 թուականէն ի վեր այս նիւթին մասին խօսեր ենք։ Կարծես թէ կարծիքի ազատութեան մասին Ֆրանսային դաս տալու երես ունէինք։ Ֆրանսայի որոշումէն վերջ գրեթէ ամէն մարդ ըսաւ որ այսպիսի նիթեր պէտք է մտնեն պատմաբաններու աշխատանքի շրջագծին մէջ, ոչ թէ Խորհրդարաններուն։ Բայց գրեթէ ամէն մարդ միացաւ այն տեսակէտին վրայ որ 1915-1917ին պատահածները ցեղասպանութիւն չէին, բուն ցեղասպանութիւնը Ֆրանսան էր որ գործած էր Ալճերիոյ մէջ։ Պիտի չհարցնեմ թէ ի՞նչ է պատճառը ստեղծուած այս խուճապին։ Պիտի չհարցնեմ նաեւ թէ «Ո՞ւրկէ գիտէք, դուք պատմաբա՞ն էք»։ Պիտի չհարցնեմ նաեւ թէ «Ո՞ւր է, այս նիւթը պէտք է թողէինք պատմաբաններուն»։ Պիտի չըսեմ տակաւին որ եթէ Ֆրանսացիները Ալճերիոյ մէջ ցեղասպանութիւն գործած են, ատիկա ցոյց չի տար որ հայերու դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն չէր։ Միայն ձեզի հետ պիտի բաժնեմ այն ինչ որ գիտեմ որպէս պատմաբան»։
Այս իմաստալից ու հրահանգիչ ներածականէն վերջ Այշէ Հիւր ամբողջ էջի մը վրայ կը պատմէ, թէ Վանի մէջ ինչեր պատահած էին ու ինչ էր իրականութեան մէջ այն ինչ, որ այսօր Թուրք պաշտօնական պատմութիւնը «Հայոց Վանի ապստամբութիւնը» կը կոչէ։ Մենք հոս պիտի չփորձենք ամբողջ էջը թարգմանել, միայն պահ մը կանգ պիտի առնենք Այշէ Հիւրի փոխանցած այն յիշեցումին վրայ որ հայերը Վանի մէջ հանգիստ կ՛ապրէին կազմելով մեծ թիւ։ 1871ի վիճակագրութեան համաձայն Վանի ու մերձակայ 156 գիւղաքաղաքներու մէջ բնակչութեան թիւը 25.725 էր եւ ասոր միայն 6.863ը մահմետական էր։ Մնացեալը, այսինքն բնակչութեան 72 տոկոսը լուսաւորչական հայ էր։ Բայց կայսրութեան վիճակը լաւ չէր, ապօրէն տուրքեր, անարդար վերաբերումներ, բռնատիրական պարտադրութիւններ ժողովուրդը դժգոհութեան մատնած էին։ 1885ին այս անարդարութիւններու դէմ ընդվզումի ալիք մը ստեղծուեցաւ, Հայոց մօտ արթնցան ազգայնապաշտութեան հոսանքներ, իրերայաջորդ կերպով հիմնուեցան հայկական քաղաքական կուսակցութիւններ։ Ապտիւլ Համիտ նախատեսելով այս նոր զարգացումը, Համիտիէ կոչուած իր գունդերը Վան ղրկեց. Վան սկսաւ խեղդուիլ արեան մէջ։ Օտար դիւանագէտները տխուր տեղեկագիրներ կը յղէին Եւրոպա։ Օսմանեան իշխանութիւնները շատ խիստ վերաբերում ցոյց տուին ու հայ այրերը աքսորեցին զանազան ուղղութիւններով։ Այս բոլորէն վերջ Վանի մէջ փոխուած էր բնակչութեան թիւն ու համեմատութիւնը. հայերու տոկոսը 73էն իջաւ 58ի, ատոր փոխարէն բարձրացաւ մահմետականներուն տոկոսը։ Վանի կուսակալ նշանակուեցաւ Ճէվտէթ Պէյ որ խիստ ու անխիղճ մարդ էր, մինչդեռ անկէ առաջուան Կուսակալը Թահսին Պէյ կակուղ ու համաձայնութեան կողմնակից ղեկավար էր։
Այշէ Հիւր ամբողջ այս պատմութիւնը մանրամասնօրէն տալէ վերջ կը նշէ սակայն որ օսմանցիները Վանի յեղափոխութենէն շատ առաջ արդէն որոշած էին մաքրագործել հայերը ու պատրաստած էին տեղահանութեան ծրագիրը։ Այշէ Հիւրի յօդուածին ամէնէն կարեւոր մասը այն է, որ ան փաստաթուղթեր ցոյց կուտայ այս մասին այդ ժամանակաշրջանի օտար դիւանագէտներուն կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրներէ։ Օտար դիւանագէտներ կը պատմեն, թէ ինչպէս օսմանցի ղեկավարներ շարունակ կը խօսէին հայերու ներկայացուցած վտանգին մասին ու կ՛ընդգծէին թէ հայերը պէտք է հեռացուէին այս հողամասերէն։
Իր յօդուածի վերջաւորութեան Այշէ Հիւր կանգ կ՛առնէ նաեւ 1915ի պատճառաւ սպաննուած հայերու թիւին վրայ։ Հայկական աղբիւրները այս թիւը գնահատած են որպէս 1,5-2 միլիոն։ Իսկ 1918ին հիմնուած Օսմանեան ներքին նախարարութեան յանձնախումբը յայտնած էր որ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն մեռած հայերուն թիւը 800 հազար է։ Սպայակոյտի նախագահութեան փաստաթուղթերէն մէկուն համաձայն 500 հազար մահմետականներ մեռած են, ատոր փոխարէն աքսորի ճամբուն վրայ կամ պարտադիր աշխատանքի ճամբարներուն մէջ մեռած կամ սպաննուած են 800 հազար հայեր ու 200 հազար յոյներ։ 1983ին պատմաբան Քեամրան Կիւրիւն կարեւոր համեմատութեամբ զեղչեց այս թիւը ու պնդեց որ ինչպէս որ ալ հաշուենք, մեռած կամ սպաննուած հայերուն թիւը 300 հազարէն աւելի չէ։ Իսկ հիմա Կիւրիւնն ալ սկսած ենք մոմով փնտռել, որովհետեւ Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու պնդած է, որ սպաննուած հայերու թիւը հազիւ 9 կամ 10 հազար է։ Անոր կարծիքով հայերն են որ ցեղասպանութիւն գործեցին Թուրքերու դէմ։
Այշէ Հիւր դիտել կու տայ որ աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ Ֆրանսա նմանօրինակ որոշում մը չառնէր, բայց հիմա այդ որոշումին պատճառաւ ոմանք դարձեալ սկսած են խեղաթիւրել պատմութիւնը։ Ուրեմն հիմա պայման է որ մեզի նման անպաշտօն պատմաբաններ աւելի շատ խօսին, կ՛եզրակացնէ Այշէ Հիւր։